Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էն Էս. Էյ.` 85-38

March 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Անթիլիաս նոր շունչով սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան դարձի մրցումները, երբ նոր մարզիչ Ժիլպեր Սալիպայի հետ (որ փոխարինեց Ժորժ Տաղերը) եւ նոր օտար մարզիկ` Ճիլիըն Արչըրի հետ (որ փոխարինեց Քենետի Կէյվընը) կրցաւ դիւրին յաղթանակ մը տանիլ Էն. Էս. Էյ.ի դէմ` 85-38 արդիւնքով:

Էն. Էս. Էյ. վստահած է իր զոյգ օտարներուն, որոնցմէ Ճեսիքա Մարթինօ ախոյեանութեան ամէնէն շատ կէտեր ձեռք ձգող մարզիկն է (23 կէտ միջին հաշուով), մինչ Օլեսիա Մալաշենքօ 16 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ մէկ մրցումի:

Մրցումին սկիզբէն ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լուրջ սկսաւ զայն եւ 33-9 արդիւնքով հանգիստ ձեւով յառաջացաւ. լաւ ելոյթներ ունեցան Ճիլիըն Արչըր, Փերլա Պու Նասր եւ Տանիելլա Ֆայյատ:

Երկրորդ մասին մարզիչը սկսաւ օգտագործել պահեստի մարզիկներն ալ, ուր արդիւնքը հասաւ 53-23-ի:

Երրորդ մասին արդիւնքը 27-7 էր, իսկ վերջին մասին մրցումը ընթացաւ ամբողջովին պահեստի մարզիկներով եւ առանց օտարներու: Յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` Հուփսի դէմ:

Մրցումը վերջ գտաւ 85-38 արդիւնքով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրկնեց եւ երթի յաղթանակը (78-45):

Առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Փերլա Պու Նասր (19 կէտ), Տանիելլա Ֆայյատ (18 կէտ) եւ Ճելիըն Արչըր (18 կէտ), մինչ Փաթիլ Ասատուրեան (13 կէտ), Ճաքայրա Էլըն (12 կէտ), Սթեֆանի Հատտատ (3 կէտ) եւ Կապրիելլա Սաատ (2 կէտ) եւս կէտեր նշանակեցին:

Կապրիելլա 10 էսիսթ ալ իրագործեց 6 սթիլներու կողքին, մինչ ռիպաունտներու պարագային Տանիելլա (8), Փաթիլ (7) եւ Ճաքայրա (6) բաւական լաւ էին:

Միակ հարցը, որ կրնայ տկար կէտ ըլլալ խումբին համար, այն է, որ պէտք է աւելի զգուշ ըլլալ թըրն օվըրներու գծով: Եթէ 19 թըրն օվըր կատարես դիւրին մրցակիցի մը դէմ, շատ «սուղ»-ի կրնայ նայիլ դժուար մրցակիցի մը դէմ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացուց իր բոլոր (12) մարզիկները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուազագոյնը մօտ 4 վայրկեան խաղցաւ:

Վստահաբար մարզիչը կ՛ուզէ գիտնալ բոլորին մակարդակը, որոշ չափով որոշելու համար, թէ կարեւոր մրցումներու որո՛ւն պիտի վստահի:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Անթունիէ` 84-101

Յաջորդը

Օրթէյկըս. «Իսրայէլի Կողքին Պիտի Կանգնինք, Ըլլայ Այդ Համասը, Հըզպալլան Կամ Հուսիները Քանդելու Ջանքերուն Մէջ»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.