Ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, Հայաստանի մարմնամարզութեան ազգային խումբի յառաջատար Արթուր Դաւթեան ոսկի մետալ շահեցաւ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Աշխարհի բաժակի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Դաւթեան ախոյեան դարձաւ յենայարկի վարժութեան մէջ: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Վահագն Դաւթեան հասաւ աւարտական` օղակներու վարժութեան:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Արթուր ձեռք ձգած է 14,483 կէտ իսկ Վահագն` 14,000 կէտ: