Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շենքեր. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Նախընտրէ, Որ Իսրայէլ Հըզպալլայի Դէմ Զինուորական Գործողութիւնները Շարունակէ, Քան Թէ Գործողութիւնները Ինք Կատարէ»

Մարտ 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին նստաշրջանի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Շենքեր յայտնեց, որ հակառակ անորոշ աղբիւրէ եկող տեղեկութիւններուն, կը թուի, թէ Թրամփի վարչակազմին կարծիքով` լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան համար լաւ աշխատանք կը կատարէ: «Բայց եւ այնպէս, ներկայիս տեղակայուած ուժերուն թիւը բաւարար չէ», եւ կարելի է նաեւ յաւելեալ ջանքեր թափել Լիթանի գետի հիւսիսը զինադադարի այլ կէտերու գործադրման ուղղութեամբ», աւելցուց ան:

Շենքեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրականութեան մէջ կը թուի, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը կը նախընտրէ, որ Իսրայէլ Հըզպալլայի դէմ իր զինուորական գործողութիւնները շարունակէ, քան թէ լիբանանեան կառավարութիւնը իր գործողութիւնները ինք կատարէ»:

Ան ըսաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը տակաւին, ինչպէս միշտ ազդու չեն, «սակայն ընդհանուր առմամբ կը կարծեմ, որ վարչակազմը գոհունակութեամբ անակնկալի եկած է հարցերու ընթացքին նկատմամբ»:

Ինչ կը վերաբերի արաբական ու տեղական մամլոյ տեղեկութիւններուն, թէ լիբանանցի պաշտօնատար մը Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ եւ պահանջած, որ Լիբանան ուղղուի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու,  Շենքեր ըսաւ, որ ատիկա օգտակար չէր` նկատի ունենալով գետնի վրայ զարգացումները, եւ արտասովոր չէ, որ ամերիկացիները հերքեն մամլոյ տեղեկութիւնները, մասնաւորաբար երբ անոնք կ՛ականահարեն քաղաքական կարեւոր նախաձեռնութիւններ:

Շենքեր նաեւ յայտնեց այն կարծիքը, որ Թրամփի վարչակազմը կը կեդրոնանայ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու եւ ոչ թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ:

«Սահմանի երկայնքին վիճելի շուրջ 12 կէտեր կան, սակայն նշեալ տարածքը համեմատաբար փոքր է, եւ պէտք չէ ատիկա դժուար ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի մէջ կառավարութիւնը այլեւս Հըզպալլայի վերահսկողութեան տակ չէ», նշեց ան:

Նախորդը

Ուիթքոֆ. «Լիբանանի Մէջ Եւ Այլուր Իրագործուած Ձեռքբերումները Վտանգուած Են, Եթէ Կազայի Խնդիրը Չլուծուի»

Յաջորդը

Մահ Եւ Վերջին Հրաժեշտ` Լիբանանցի Վաստակաշատ Լրագրող Հուտա Շտիտի

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?