Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքին / Սփիւռք(եր)էն Խօսք

Մարտ 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Քրէոլներուն (criollos) կ՛ուղղեմ խօսքս. անոնց, որոնք այս հողին վրայ կ՛ուզեն ապրիլ եւ մահանալ, ոչ անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ արեւն ու լուսին Եւրոպա են:» Այս նախադասութեամբ կը սկսի Խորխէ Լուիս Պորխես գրեթէ հարիւր տարի առաջ հրատարակած իր գրութիւնը:

Կը խօսի 19-րդ դարու սկիզբին հարաւամերիկեան ցամաքամասի վրայ սպանական գաղութատիրութեան դէմ ծառացած յեղափոխութեան ծնունդ երկիրներէն` Արժանթինի բնակիչներուն, արժանթիցիներուն: Իր թեման հայրենիքն է եւ` հաւաքական ինքնութիւնը (Jorge Luis Borges, «El tamaրo de mi esperanza». El tamaրo de mi esperanza, Buenos Aires, Seix Barral, 1993, p. 11): Անոնց կառչելու կոչ է, ըլլալու տեղացի, բայց` հաղորդակից` աշխարհին հետ, կամ, ինչպէս փորձագրութեան աւարտին կը բանաձեւէ, «Քրէոլականութիւն մը, որ զրուցէ աշխարհի մասին եւ Ես-ին, Աստծոյ մասին եւ` մահուան: Ձեզի տեսնեմ` մէկը ինծի պիտի օգնէ՞ այդ փնտռտուքին մէջ» (p. 14):

Դիւրին չէ Պորխես կարդալ, եւ շատ դժուար` Պորխես թարգմանել: Անկարելի է, սակայն, չմտածել անոր իւրաքանչիւր գրութեան ընթերցումէն ետք, պատմուածք ըլլայ այն, բանաստեղծութիւն թէ փորձագրութիւն: Այնքան, որ տիեզերական է անոր միտքը, այնքան խնամուած այդ միտքը խօսքի վերածելու իր գրականութիւնը:

Առանց այդ 1926-ի գրութեան դիպուկ թեմային` արժանթինեան հաւաքական ինքնութեան անդրադառնալու, Պորխեսի տիեզերականութիւնը թոյլ կու տայ «Ազատ Օր»-էն փորձել խօսքը ուղղել սփիւռքահայերուն, անոնց, որոնք այդ Վայրին մէջ են, եւ այդ Վայրի՛ն` սփիւռքին անցեալ-ներկայ-ապագայ լինելութեան յանձնառու են: Կարելի՞ է սփիւռքին` խօսիլ եւ սփիւռքէն խօսիլ, ահա սփիւռքահայ մամուլի գլխաւոր մարտահրաւէրը ներկայիս` 21-րդ դարուն: Մամուլին` իր ամէնէն դասական իմաստով, այսինքն` այն տեղեկատուական/հրապարակագրական օրկաններուն, որոնք դարու, կամ` գրեթէ, անցեալ մը ունին քաղաքական մտածողութեան, ինքնութեան լինելութեան եւ գոյութենական յանձնառութեան ստեղծագործական իրենց դերակատարութեամբ: Ոչ թէ ճապաղ արձագանգն են հայրենի «իրականութեան» մը (ապա)տեղեկատուական հոսքին եւ անոր ծնունդ տուած (ան)բանավէճին:

Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրին մասին է խօսքը, որ ստեղծուեցաւ/զարգացաւ սփիւռքին հետ որ ստեղծեց/զարգացուց, ինքնացո՛ւց, հայապահպանման ի խնդիր, Հայ դատի պայքարին եւ սփիւռքահայ ըլլալու: Յատուկ լեզու մը չէ սփիւռքերէնը` բառապաշարի եւ քերականութեան իմաստով, որովհետեւ հայերէնի մասին է խօսքը, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի, եւ մինչեւ իսկ արեւմտարեւելահայերէնի մասին, որ սփիւռքահայ Վահէ Պէրպէրեանը թատերաբեմին վրայ կատակով բանաձեւեց` որպէս շատ լուրջի առնելիք առաջարկ: Հայերէնի` որպէսզի յստակօրէն սահմանազատուի մայրենիով վերապրած ու զարգացած ինքնութիւն մը այն մէկէն, որ այսօր ապահայերէնացումով կը «դեմարգացուի» նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար պետակա-քաղաքական ամենայն անպատասխանատուութեամբ: Հայերէնին մասին չէ սփիւռքերէնը, բայց դասականին մասին է անկասկած, մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադարձին, զոր մերժեցին «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ» լոզունգի ամենաանկեղծ յանձնառուներն իսկ` նախընտրելով շարունակել ատենին ազգը բաժանած, եթէ ոչ` նաեւ այդ նպատակով պարտադրուած, «ուղղագրութիւն» մը: Ոչ իսկ քաղաքական կամք` «հայերէնի լեզուամշակութային քաղաքականութեան» մը մշակումին, որ որպէս առաջարկ դարասկիզբին բանաձեւուեցաւ դարձեալ սփիւռքահայ քաղաքական գործիչի մը` Մկրտիչ Մկրտչեանի կողմէ:

Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրը, հետեւաբար, լեզուամտածողական ստեղծագործ յանձնառութիւն մըն է, որ նախ եւ առաջ սփիւռքին կը խօսի յուշելու համար, որ անկախ պետականութեան անժխտելի անհրաժեշտութիւնը հայրենիքի գոյատեւման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ ազգ-պետութեան գերիշխան ամրապնդման համար անպայմանօրէն գործնական ոչ մէկ ներդրում բերած է սփիւռքեան անդրազգային իրականութեան մէջ հաւաքական ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման: Ծնունդ չէ տուած, եթէ ոչ` համարկումի առնուազն մասնակցական համագործակցութեան հայեցահարգի մը, ուր նաեւ սփիւռքեան լինելութեան խնդիրները կը քննարկուին ներկայացուցչական ձայնի եւ քուէի իրաւունքով: Մօտեցման ու տիալոկի միջոցներ անշուշտ եղած են, եւ անարդար է ժխտել անոնց ետին կանգնած քաղաքական անձնաւորութիւններու անկեղծ համոզումը, բայց, վերջին հաշուով, հայրենի քաղաքական հատուածին մօտ չէ եղած լուրջ պատրաստակամութիւն` լեզուամշակութային փոխադարձ զիջումի:

Առանց տակաւին անդրադառնալու այլեւս պետութեան բարձրագոյն մակարդակով սփիւռքեան ինքնութեան եւ լինելութեան ուրացման քաղաքականութեան, որ ներկայ իշխանութիւններունն է: Կրնայ ըլլալ, ինչպէս շատեր կը յուսան, որ այդ քաղաքականութիւնը լոկ թիւրիմացութիւն մըն է պարտութեան հոգեհարազատ իշխանութիւններու: Այնուամենայնիւ, սփիւռքը ներկայ սփիւռքուրաց քաղաքականութիւնը պէտք է ընկալէ որպէս ահազանգ` անդրադառնալու համար, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ իր լինելութեան օրակարգի մոռացումը, կամ լուսանցքայնացումը, յանուն նախկինին «անկախ պետութեան հզօրացման» թէ ներկային «պետականաշինութեան» առաջնահերթացումին:

Սփիւռքի՛ն խօսիլ է սփիւռքերէնը, որովհետեւ ատենին հաւաքական ինքնութիւն կերտած «տարբերումը», ինչպէս բանաձեւած է Յարութիւն Քիւրքճեան, այսօր կրկնակի իմաստ կը ստանայ` ի դէմս նոյն այդ ինքնութեան լինելութիւնը անկախ պետութեան ներդրումով լիցքաւորելու երբեմնի յոյսին չքացման: «Այսօր», այսինքն` դեռեւս 1990-ականներուն, երբ սփիւռքահայ մտաւորականներ զգուշացուցին սփիւռքը լքելու վտանգին մասին, բայց առնուազն Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի աւարտէն ի վեր ի դէմս այնքան սպասուած համահայկական խորհուրդի չկայացման, եւ վստահաբար քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք: Սփիւռքի ինքնութեան պատասխանատուութիւնը նախեւառաջ, եւ ներկայ պարագային թերեւս` բացարձակապէս, սփիւռքին, սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն եւ մինչեւ իսկ անհատ սփիւռքահայերունն է:

Ներառեալ` Հայաստան բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայերուն, որոնք կազմակերպուած իւրայատուկ համայնք մը ըլլալու ամբողջ կարողականութիւնը ունին, բայց ցարդ կարծես չեն մտածած/ուզած/կարողացած  արեւմտահայերէնով դասաւանդող դպրոց հիմնել, դասական ուղղագրութիւնը դնել մշակութային քաղաքականութեան օրակարգին, կամ սփիւռքի շահերու պաշտպանութեան «լոպի» մը առաջացնել, ինչպէս անձնական խօսակցութեան մը ընթացքին նշած է սփիւռքահայ մը, ընդ որում` «շահ»-ի ե՛ւ ընդհանրական, ե՛ւ որոշակի գործարարական իմաստով: Հոս պիտի յիշեցնել թերեւս, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն, Հայաստանի մէջ եղած է արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած է հանրապետութեան մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցութեան ակնառու գործիչներէն մէկը` յանձին Կարօ Սասունիի:

Բայց սփիւռքերէնը նաեւ սփիւռքէն խօսիլ է, եւ` դիրք ճշդել: Քաղաքական եւ գաղափարախօսական դիրք, որ ինքնին անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ բազմակարծիք, բանավէճ հրահրող, հանրային քննարկումի մէջ տեսակէտներու բախումին միջոց բացող յանդգնութեամբ եւ քննական/քննադատական մօտեցումով: Բանավէճի դնել նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար հայաստանեան քաղաքականութիւնը, ներքին թէ արտաքին, առանց վերարտադրելու հոնտեղի բանավէճերն ու կարծիքները: Եւ դիրք ճշդել սփիւռքէն դիտելով երեւոյթները, թէկուզ եւ` դիրքորոշուելով Հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան կողքին: Առանց պատրանքներ ունենալու: Սփիւռքի մէջ քաղաքական խօսքը Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններուն վրայ հազիւ թէ կրնայ ազդել: Դժուար է նաեւ երեւակայել, որ հայաստանեան որեւէ քաղաքական ուժ սփիւռքեան մտածողութեամբ հետաքրքրուի: Սփիւռքէն խօսքը նախ սփիւռքին ուղղուած է, բայց գոնէ վարկածի կարգով պէտք է ենթադրել, որ այն որոշ չափով մը կրնայ արձագանգել Հայաստանի մէջ: Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակի համար, հայ-թրքական փրոթոգոլներուն դէմ Սփիւռքի մէջ ծնունդ առած եւ բարձրագոչուած «Ոչ»-ի պարագային: Միակ օրինակը չէ, թէեւ հաւանաբար ամէնէն ցայտունը: Բայց, ահաւասիկ, սփիւռքի մամուլին կը մնայ սփիւռքէն խօսքը աւելի համարձակօրէն, աւելի յստակօրէն եւ սփիւռքեան բազմամշակութային իրականութեան համապատասխան իւրայատկութեամբ բանաձեւել, հաստատագրել եւ տարածել:

Սփիւռքերէնը Վահէ Օշականի «Սփիւռքահայ ըլլալ»-ու խօսքն է, որուն բանաձեւումը որպէս քաղաքական մտածողութիւն, սփիւռքահայ հրապարակագրութեան մէջ պիտի զարգանայ: Հրապարակագրութիւն` անկախ թէ այն տպագիր թէ արդէն առցանց մամլոյ օրկաններու իւրայատուկ է, եւ ոչ թէ` ընկերային ցանցերու վրայ պայմանական գրառումներ: Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը հիմնականօրէն հաւաքական ինքնութեան լինելութիւնն է: Եւ, հետեւելով Քլեմանսոյի վերագրուած նախադասութեան` «Պատերազմը շատ կարեւոր է անոր պատասխանատուութիւնը զօրավարներուն ձգելու համար», պիտի ըսել, որ սփիւռքի համար հաւաքական ինքնութիւնը շատ կենսական է անոր պատասխանատուութիւնը պետութեան ձգելու համար:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Մարտ 2025)

Յաջորդը

Հարաւային Ափրիկէի Սիրոյ Պատգամը

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?