– ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան նախագահ Էրնեսթօ Ռամիրեզ Ռիկոյի հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է բարեկարգումներու կատարման:
Ռիկօ իր կարգին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է նախագծել ելեւմտական բարեկարգումի միացեալ ծրագիր մը, որ Լիբանանին կ՛օգնէ իր ճգնաժամերէն դուրս գալ»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ եթէ այսօր նշանակումները կատարուին, այդ մէկը պետութեան բարեկարգումի եւ փրկութեան երթին սկսելուն վերաբերեալ ներքին ու արտաքին բեմերուն դրական պատգամ պիտի յղէ:
Օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ապահովական նշանակումներէն անմիջապէս ետք պիտի սկսի կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման քննարկումը:
Ըստ «Ժումհուրիա»-ին, ամէնէն հաւանական թեկնածուն նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի եղբայրը` Քարիմ Սուէյտն է, որ անդամ է «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ու Լիբանան» դրամատան վարչութեան:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է, որ միջազգայնօրէն Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու համար Հըզպալլան զինաթափելու նախապայմանին առաջնահերթութիւն տալու լոյսին տակ սկսած են արեւմտեան կոչեր հնչել լիբանանեան իշխանութիւններուն վրայ Հըզպալլան զինաթափելու ճնշում չբանեցնելու եւ անոր ձգտելու գործակցութեան ճամբով այդ քայլին իրագործման յարմար մեքանիզմը գտնելու` առանց ներքին որեւէ ճեղք յառաջացնելու:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններու Այն Թինէ այցելութեան ծանօթ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դեսպաններուն յայտնած է. «Հայրենիքս պատժուած է»` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է, որ զինադադարի հովանաւորները բոլոր ջանքերը թափեն Իսրայէլը զայն գործադրել ստիպելու համար»:
Երբ Հնգեակի կարգ մը անդամներ փորձած են ակնարկել, թէ հարցը կապուած է լիբանանեան բանակի տեղակայման, որ չէ ամբողջացած, Պըրրի պատասխանած է. «Տեղակայումէն առաջ պէտք է հեռացումը տեղի ունենայ»:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միչիկըն նահանգի Տիրպոռնի քաղաքապետ, ծագումով լիբանանցի Պիլ Պազզին նշանակած է Թունուզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:


