ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի օր 99-60 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Ռիատի Պէյրութէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Սկիզբէն ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ կեդրոնանալ մրցումին վրայ, որովհետեւ խումբին օտար մարզիկներէն Ճաքայրա Էլըն «բացակայ» էր:
Էլըն ամբողջ մրցումին չկրցաւ կողով նշանակել, եւ իր նշանակած 2 կէտերը ազատ հարուածով էին:
Կանուխ ֆաուլեր կատարելէ ետք, ան բնաւ չկրցաւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ, ուր Ռիատիի մարզիկները շատ հանգիստ մրցում մը ունեցան թէ՛ դիւրին կէտեր նշանակելով, թէ՛ ալ լաւ պաշտպանելով:
Առաջին մասին 23-15 արդիւնքով յառաջացած Ռիատի 51-29 արդիւնքով կիսախաղ հասաւ: 3-րդ մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ բարելաւել իր խաղը եւ մինչեւ մրցումին աւարտը միջին հաշուով 15 կէտ նշանակեց ամէն մասի, մինչ Ռիատի 25 կէտ կը նշանակէր ամէն մասի:
Յոյսով, որ լուծում կը գտնուի այս ձախող ելոյթէն ետք եւ կիրակի օր Պքեննեյայի դէմ վերջին մրցումին (երթի) յաղթանակներու ճամբան կը վերագտնեն մեր աղջկանց ներկայացուցիչները:


