Խրուաթիոյ Օսիեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի հրաձգութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան իր առաջին մետալը շահեցաւ:
10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի նշանառութեան աղջկանց մրցումներուն, Էլմիրա Կարապետեան 13-15 արդիւնքով պարտուելէ ետք ռուս Լիուպով Եասկեւիչէն, դարձաւ փոխախոյեան:
Զտումի մրցումներուն, Էլմիրա Կարապետեան 48 կէտ հաւաքելով Եւրոպայի նոր մրցանիշ հաստատած էր եւ հասած աւարտական հանգրուան:


