Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հրեշտակները Ասեղ Կը Փնտռեն…

Մարտ 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հազա՛ր ներողութիւն, Պարո՛յր Սեւակ, որ քու մէկ յղացքիդ մէկ տարբերակը օգտագործեմ եւ ըսեմ.

Միջնադարից ջանք առան,

ՔՊ-ի մօտ կանգ առան…

Չէ՛, ի մտի չունիմ հայ հերոսները, այլ… հրեշտակներ, բիւր-բիւր հրեշտակներ, որոնք Հայաստան հասեր են եւ ՔՊ-ականներու օգնութեամբ գնդասեղ մը կը փնտռեն վրան պար բռնելու համար:

Հի՜ն պատմութիւն է, չէ՞: Կանուխ միջնադարուն կրօնական փիլիսոփայութեան մէջ կար բա՜րդ հարց մը, թէ` քանի՞ հրեշտակ կրնայ կանգնիլ կամ պար բռնել գնդասեղի մը գլխուն վրայ: Մարդիկ երկար-բարակ վիճած են, գլուխ կոտրած, ու ի վերջոյ որոշ եզրակացութեան մը հասած են, թէ` անհամար թիւով հրեշտակներ կրնան տեղ գրաւել գնդասեղի մը գլխուն, քանզի անոնք աննիւթական էակներ են, որեւէ տարածք չեն կրնար գրաւել: (Պատասխանին հեղինակը կը նկատուի Թոմաս Ագուինաս):

Այս «հանելուկ»-ին մէկ տարբերակն ալ կը կոչուի «Բիւզանդական վէճ»: Այն օրերուն, երբ թրքական հրոսակախումբերը` ենիչերիներուն նախնիները, դէպի Արեւմուտք կ՛արշաւէին եւ քիչ ետք պիտի խորտակէին Կոստանդնուպոլսոյ ամրութիւնները, երկարաշունչ վէճ կը ծաւալէր, թէ արդեօք Բիւզանդական կայսրութեան մէջ պէ՞տք է արտօնել սրբանկարներու գործածութիւնը:

Հրեշտակներու ասեղին եւ սրբապատկերներու պատմութիւնները շատո՜նց խորհրդանիշ դարձած են սնամէջ վէճերու, վէճեր, որոնք որեւէ արդիւնք չեն խոստանար, աւելի՛ն, անիմաստ նիւթերու մասին խօսակցութիւն կը նշանակեն:

***

Հիմա պիտի հարցնէք, թէ մեր խօսքը ի՞նչ տեսակի հրեշտակներու մասին է:

Պատասխանը պարզ է եւ… բարդ: ՔՊ-ականները Հայաստանի դիմագրաւած օրհասական վտանգներն ու մարտահրաւէրները մէկդի ձգած եւ սեղան բերած էին Հայաստանի քայլերգին (օրհներգ) վերջին տունը վերատեսութեան ենթարկելու «հարցը» (սա անցեալ տարեվերջին էր), իսկ հիմա ուրիշ «հանճար» մը սեղան բերած է դրօշին գոյները, յատկապէս երրորդ երիզը` «ծիրանագոյն»-ը յստակացնելու պահանջը (անմիջապէս ըսենք, որ եթէ վերահաստատուի ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ եզրը, բանավէճը կը սնանկանայ ի սկզբանէ):

Հարցերը ունին տարբեր «ծալքեր» եւ «խորութիւննե՜ր»: Քայլերգին բառերը մեկնաբանելու ելեր է նաեւ Լեզուի կոմիտէի պատասխանատուն, որ մայրենիին խեղաթիւրման` օտարաբանութիւններով ողողումի աղէտը մոռցած, նստեր է ու կը մեկնաբանէ, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ «…որ ապրեր է դարէ դար» բառերով, թէ` անիկա անցեալին աւարտած բան կրնայ նշանակել: Այս տիկինը քայլերգին բառերը գրո՛ղն ալ, մինչեւ այսօր այդ բառերով բոլոր երգողներն ալ ապուշի տեղ դրած է եւ ցնորական միտքերով դասախօսելու ելած է (Փաշինեանն ալ կը սիրէ հայերուս մերթ ընդ մերթ դասախօսել` հարցազրոյցներու թէ այլ քաղաքներ այցելութիւններու առիթով…): Պատմահայր Խորենացին եթէ այս «իմաստուն»-ին բացատրութիւնը լսէր, երիցս պիտի բացագանչէ. «Ողբա՜մ զքեզ, Հայոց աշխարհ, զի…»:

Բազմապատիկ «բարդ» է դրօշին գոյներու պարագան: Իմաստակ ՔՊ-ականը կը բացատրէ, թէ բազմաթիւ երանգներով ծիրաններ կան, այսինքն` ո՞ր երանգը պէտք է ընտրել: Եւ քանի որ արդի աշխարհին հետ քայլ կը պահէ, կ՛ըսէ, թէ գոյներու թուայնացման կարելիութիւններ կան (այսինքն արհեստական բանականութեան պէտք է վստահիլ գոյնին ճշդումը): Ի դէպ, հարցը, ինչպէս ըսինք, բարդ է եւ խորո՜ւնկ: Եթէ ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ եզրան ալ որդեգրենք, մարդը պիտի ըսէ. լիբանանեա՞ն, Եաֆայի՞,  թէ՞… չինական-ճափոնական նարինջի գոյնը: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՜, հա՛յր Խորենացի:

Մարդուս մտքին մէջ բնականաբար հարց կը ծագի. ինչո՞ւ միայն «ծիրանագոյն» երիզը: Մեր բթամիտ իմաստակը (իմաստակին ոչ բթամիտն ալ կա՞յ) ինչո՞ւ չի մտածեր, նոյն «տրամաբանութեամբ», տարբաղադրումի ենթարկել կարմիր եւ կապոյտ երիզներուն գոյները, գտնել նրբերանգները, թուայնացնել բոլորը: Կայ արեան կարմիրը, կրակի կարմիրը, անուշիկ մանուկի մը դէմքին կարմիրը, նման «գիւտեր»-ով` ամօթէն կարմրողի՛ն դէմքին կարմիրը: Հա՜յր Խորենացի. քանի՞ անգամ դարձար շիրիմիդ մէջ…

Հապա կապո՞յտը: Կայ երկնքի կապոյտը` առաւօտուն, կէսօրին, թեթեւ մշուշի ետին, յետմիջօրէի. կայ ծովու կապոյտը`  ծովափի կապոյտը, խորունկ ծովու, խաղաղ ու ալեկոծ ծովու, փոքր ու մեծ լիճերու, ովկիանոսներու կապոյտներն ու նրբերանգները, վերջապէս, կայ Սեւանայ լիճի՛ն կապոյտը, որուն մակերեսի հայելիին մէջ պէտք է պահ մը իրենք զիրենք դիտեն այս ու նման «գիւտարարները»:

***

… Պետրոս Դուրեան իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ հարց կու տայ, որ եթէ իր սիրահարած աղջկան աչքերուն կապոյտը չըլլար, մարդիկ ի՞նչ արժէք պիտի տային երկինքին: Մենք ալ մենք մեզի իրաւունք տանք ըսելու. «Եթէ ՔՊ-ական գիւտարարները չըլլան, ո՞վ պիտի յիշէ հրեշտակներն ու ասեղ փնտռէ զանոնք պարի հրաւիրելու համար»:

26 փետրուար 2025

Նախորդը

Ակնարկ. Սուրիան, Տարածաշրջանը` Հայկական Ոսպնեակով

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներուն Թշնամի Ըլլալը Վտանգաւոր Է, Սակայն Ընկեր Ըլլալը` Մահացու»

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?