Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Կը Դատապարտէ Պաքուի Մէջ Ընթացող Կեղծ Դատավարութիւնները

March 7, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (IUSY) հրապարակեց յայտարարութիւն մը Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութեան մասին` դատապարտելով տեղի ունեցածը:

Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը.

«17 յունուարէն ի վեր Ազրպէյճանի Պաքու քաղաքին մէջ կը շարունակուին կեղծ դատավարութիւններ` 16 հայ պատանդներու դէմ, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական եւ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներ:

«Անոնց դէմ մեղադրանքները` ահաբեկչութենէն սկսեալ մինչեւ անօրէն զինուած խմբաւորումներու կազմութիւն, անհիմն են եւ` քաղաքականապէս ուղղորդուած: Այս կեղծ դատավարութիւնները անգամ մը եւս կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ կը հանդիսանան հաշուարկուած փորձեր` ջնջելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հայ ժողովուրդի պատմական եւ քաղաքական ինքնութիւնը:

«Շուրջ 17 ամիսներէ ի վեր այս անձերը անօրինաբար կը պահուին բանտարկութեան մէջ` սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի դաժան ռազմական արշաւէն ետք, որուն պատճառով առաւել քան 120.000 բնիկ հայեր հարկադրաբար տեղահանուեցան Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղէն): Անոնց շարունակական բանտարկութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի` Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները կը հանդիսանան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ծանր խախտում:

«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան, ներառեալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը եւ առնչակից բոլոր շահագրգիռ կողմերը` անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու, մասնաւորապէս`

«- Պահանջելու Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ պատանդներուն անմիջական ազատ արձակում:

«- Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար` միջազգային իրաւական գործիքակազմերու միջոցով:

«- Պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի բռնատէր վարչակարգին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան նկատմամբ:

«- Ապահովելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիքը հաւաքականօրէն վերադառնալու իրաւունքը` միջազգային երաշխիքներով եւ ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքին համաձայն:

«- Պահանջելու Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն դուրս բերելը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն` պահպանելով անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները:

«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքները, անոնց ինքնորոշման իրաւունքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:

«Իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, որ յանձն առած է պաշտպանել բոլոր ժողովուրդներուն ազատութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, մենք կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը` պաշտպանելով ճնշուած ազգերը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքները»:

 

 

 

Նախորդը

«Երեւանի Հետ Աշխատանքային Կապերը Կը Պահպանենք, Հայաստան Կը Մնայ Դաշնակից» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը Ընտրեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նոր Կազմը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.