Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Հրանդ Տինքին Արժէքը Ներկայացնող Հանդիսութիւն

May 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին երէկ` երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մօտէն ճանչնանք Տինքը» խորագիրով յուշահանդէս:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Քեստենեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինք եղաւ այն առաջնորդը, որ թուրք հասարակութեան կարծիքը լուսաբանեց ժողովրդավարութեան եւ հայկական հարցին շուրջ գաղափարներով: Ան հաստատեց, որ «Ակօս» թերթը կը շարունակէ Հրանդ Տինքի ուղին:

Ապա Մարօ Յակոբեան ասմունքեց Յակոբ Յակոբեանի «Մեռան` չկորան»-ը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Ապստամբութիւն»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց լիբանանահայ արուեստագէտ Պերճ Ֆազլեան, որ յայտնեց, թէ Տինք հայութեան մեծագոյն հերոսներէն է, որ քաջութիւնը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Եղեռնի մասին խօսելու եւ դատապարտելու թուրք պետութիւնը:

Սոփրանօ Անայիս Կետիկեանի «Երգ պահանջատիրութեան» եւ «Ապրիլեան նահատակներ» երգերու կատարումին յաջորդեց պարիթոն Աւօ Ագրապեանի «Լռեց ամպերը» եւ «Իբրեւ արծիւ…» երգերուն ներկայացումը:

«Ակօս» թերթին անունով խօսք առաւ Վահագն Քէշիշեան, որ շեշտեց, թէ Տինք Թուրքիոյ մէջ ստեղծեց նոր մտածողութեամբ առաջնորդուող հանրային կարծիք մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Տինք նահատակուեցաւ իր տեսլականին համար եւ Թուրքիոյ մէջ բացաւ դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող նոր ժամանակաշրջան մը: Տէրտէրեան ըսաւ, որ Տինք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու պատգամախօսն էր եւ իր մահէն ետք գործը շարունակուեցաւ:

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Արտասանական Մրցում

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.