ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ազատուհի Թորոսեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անի Տուրսունեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Քարլա Թորանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Բալիկ Կարապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Արդուին Նգրուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարալ Տարաքճեան եւ զաւակունք
Թորոսեան եւ Տօնոյեան ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Սինանեան ընտանիքներ
Իշխանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 11 փետրուար 2025-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 18 փետրուար 2025-ին, ժամը 10:00-էն 11:00, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Saint Vartanantz Armenian Apostolic Church, 402 Broadway, Providence, RI 02909) մէջ, որմէ ետք պիտի կատարուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, ապա թաղումը` North Burial Ground, 5 Branch Ave, Providence, RI 02904.
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Լիբանանի «Համազգային»-ի ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
————————————–
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔԻ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 16 փետրուար 2025-ին, Ս. Սարգիսի տօնին առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մատաղօրհնէքի արարողութեան:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՆՈՐ ՍԻՍ)
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան առիթով այն հաւատացեալները, որոնք փափաք ունին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ նիւթական նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ, մինչեւ շաբաթ, 15 փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01/259861 թիւին:
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՈՒՐԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 16 փետրուար 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑԱԾ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԵՒ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
6, 7 ԵՒ 8 ՅՈՒՆԻՍ 2025