Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ «Դժուարացուց» Խաղը, Բայց Յաղթեց

February 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի օր Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր 2-րդ մրցումը կատարեց, երբ հիւրը եղաւ Էն. Էս. Էյ.-ի: Առաջին մասին 20-26 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի տղաքը 15-22 արդիւնքով կրցան յաղթել 2-րդ մասին ալ` կիսախաղ մտնելով 35-48 արդիւնքով: Կը սպասուէր, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն ընթացքը շարունակէին, մանաւանդ որ ճնշում չկար իրենց վրայ: Գէորգ Գէորգ Բ. մասին մասնակցեցաւ քիչ մը ուշացնելու Շէյն Ռեքթըրի յառաջխաղացքը, մանաւանդ որ ան իր խումբին (Էն. Էս. Էյ.) լաւագոյն մարզիկն էր եւ շատ ֆաուլի կ՛ենթարկուէր: Կապրիէլ Աճեմեանէն 2 ֆաուլ շահելէ ետք, Ռեքթըր Գէորգէն ալ 3 ֆաուլ շահեցաւ: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ տարբեր խումբ մըն էր, եւ պէտք է ըսել, որ ճակատումը աւելի անհատական մրցումի վերածուեցաւ, մանաւանդ որ երբ Ճորտըն Սթիվընզ լաւ ձեւով «հսկուի», խումբը լուծումներ չունենար ըստ երեւոյթին: 3-րդ մասին 20 կէտ նշանակեց Էն. Էս. Էյ., մինչ ՀՄԸՄ միայն 8 կէտ, որոնց 6-ը` Եուաթ Ալոքի միջոցով, իսկ 2-ը` Աքսել Թուփանի:

4-րդ մասին Էն. Էս. Էյ. ոչ միայն հասաւ ՀՄԸՄ-ին, այլեւ 64-60 արդիւնքով յառաջացաւ ալ մրցումի աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, սակայն Ճորտըն Սթվընզ 7 կէտ նշանակեց, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան (4 կէտ), Կերի Չիւիչեան (2) եւ Ալոք (2) եւս կէտեր նշանակեցին` մրցումը աւարտելով 71-71 արդիւնքով:

Դիմուեցաւ երկարաձգման, որուն ընթացքին Կերի Չիւիչեան (5), Ճորտըն Սթիվընզ (3), Աքսել (2) եւ Ալոք (2) կարեւոր կէտեր նշանակեցին` մրցումը աւարտելով 83-81 արդիւնքով:

Յոյսով, որ խումբին «անհատները» խմբային խաղ խաղալով աւելի լաւ ելոյթ մը կ՛ունենան 3-րդ շաբթուան իրենց մրցումին` Անդրանիկի դէմ, չորեքշաբթի գիշեր, Մըզհերի մէջ:

Ալոք 25 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ 22 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց: Թուփան եւ Կերի 14-ական կէտեր նշանակեցին: 8-ական ռիպաունտ ձեռք ձգեցին Կապրիէլ եւ Թուփան, որ 3 պլոք ալ կատարեց:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Յաջորդը

Ալիեւ. «Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութիւնը Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Բանալին Են»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.