Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Այսօր Պիտի Քննարկէ «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Մասին Հոլովոյթի Մեկնարկի Մասին» Օրինագիծը

Փետրուար 11, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման 9-րդ նստաշրջանի 11 փետրուար 2025-ին գումարուող հերթական նիստերու օրակարգին վրայ: Նշեալ տեղեկութիւնը տեղադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ` «Նիստերու օրակարգ» ենթաբաժանումին մէջ:

Իբրեւ օրէնսդրական նախաձեռնութեան հեղինակ` նշուած է «Քաղաքացիական նախաձեռնութիւն» եզրը, իսկ առաջարկը խորհրդարանին ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ, ինչ որ ամրագրուած է օրինագիծի ամփոփաթերթի առաջին տողին մէջ:

«Մեկնելով Ազգային ժողովին կողմէ հաւանութեան արժանացած` կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագիրի «Արտաքին քաղաքականութիւն» բաժինի 1.1-ին ենթաբաժինէն, որուն համաձայն` «Հայաստան պիտի շարունակէ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու հետ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութիւնը` հիմնուելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՀԸՀ) եւ այլ միասնաբար ստորագրուած փաստաթուղթերու վրայ: Պիտի շարունակուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հաստատութենական համագործակցութիւնը` ժողովրդավարական բարեփոխումներու, գոյութիւն ունեցող ոլորտային մարտահրաւէրները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրի ազատականացման երկխօսութիւն սկսելու ուղղութեամբ», ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ արտայայտած դիրքորոշումը, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան այնքան մօտ ըլլալ, որքան Եւրոպական Միութիւնը կարելի կը նկատէ, կառավարութիւնը առարկութիւն չունի նախագիծի բովանդակութեան վերաբերեալ», կը նշուի առաջարկին մէջ:

Նախորդը

Թրամփ. «Յանձնառու Եմ Կազայի Գնման Ու Սեփականատիրման, Եւ Թերեւս Անկէ Բաժիններ Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Պետութիւններու Շնորհեմ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?