Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՍԱՏ-ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

April 7, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ եւ Տաւութօղլու

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հետագային թրքական եւ սուրիական պատուիրակութիւնները միացան հանդիպումին, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ: Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տաւութօղլու Թուրքիոյ զօրակցութիւնը յայտնած է սուրիական ղեկավարութեան նախաձեռնած բոլոր բարեփոխումներուն եւ ըսած, որ իր երկիրը պատրաստ է կարելի ամէն օժանդակութիւն տրամադրելու` արագացնելու համար բարեփոխումները եւ նպաստելու սուրիացի ժողովուրդի բարգաւաճման, ապահովութեան եւ կայունութեան:

Ասատ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած յանձնառութեան համար եւ ըսած, որ Սուրիա պատրաստ է բարեփոխումներու օրինագիծեր բանաձեւելու այլ երկիրներու փորձառութենէն օգտուելու:

Ասատի եւ Տաւութօղլուի միջեւ դէմ առ դէմ հանդիպումը տեւած է երկու ժամ: Տաւութօղլու հանդիպումը «հոյակապ» նկատած է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցը, երկրին մէջ արտակարգ դրութեան ջնջումը եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու, յարանուանութիւններու եւ ցեղագրական բաժանումները ներառող շարք մը հարցեր: Թրքական կողմը հանդիպումին երկարութենէն եւ համապարփակութենէն այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ սուրիական ղեկավարութիւնը անկեղծօրէն կ՛ուզէ Թուրքիոյ ժողովրդավարականացման փորձառութենէն դասեր առնել:

Տաւութօղլու հետագային դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Թրքական օրաթերթեր շաբաթ օր հաղորդած էին, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր Սուրիա իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ, որպէսզի վերջինս սուրիացի ժողովուրդին պահանջած բարեփոխումները կատարելով երկրին մէջ լարուածութիւնը վնասազերծէ:

Էրտողան Լոնտոն կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնած է, որ «կառավարութեան փոփոխութենէն անդին, արտակարգ դրութեան վերացման, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ նոր սահմանադրութեան ակնկալիքներ կային: Եթէ այդ ակնկալիքները չիրականանան, երկուշաբթի օր պրն. Ասատին այդ մէկը պիտի ըսենք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ շաբաթ առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղած էր Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներ կատարելու եւ ցուցարարներու նկատմամբ զսպուածութիւն ցուցաբերելու:

Նշենք, որ սուրիական «Պաաս» օրաթերթը իր կիրակի օրուան թիւով յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք բարեփոխումները արտաքին ցուցմունքներու արդիւնք պիտի չըլլան, այլ` սեփական նախաձեռնութեան: Իսկ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը իր երէկուան թիւով յայտնեց, որ սուրիական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ կուսակցութիւններու վերաբերող նոր օրէնքը մօտ օրէն հրապարակային քննարկումի պիտի ներկայացուի:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ «ԹՈՔԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄՕՏ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։