Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ «Ֆետերէյշըն Քափ» Մրցաշարքը

January 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը «Ֆետերէյշըն Քափ» մրցաշարքի գծով իր առաջին մրցումը կատարեց Քլիւպ Սանթրալի դէմ եւ 99-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ լաւ մրցում խաղալուն:

Վստահաբար այս մրցաշարքը մարզիկներ փորձելու համար էր, աւելի քան պատրաստ 5-ով խաղալը, բայց պէտք է ըսել, թէ խումբին երկու օտարները` Ճորտըն Սթիվընզ եւ Ճորտըն Համիլթըն բաւական լաւ ելոյթ ունեցան, անշուշտ առանց բաղդատելու մրցակից խումբին հետ, որ 3 օտարներով կը խաղար:

Կերի Չիւիչեան, Կապրիէլ Աճէմեան, Պասել Հարֆուշ, Ամիր Քասսապ, Գէորգ Գէորգ, Փիթըր Տեքիրմենճեան, Ճոզեֆ Խուրի եւ Ճէյսըն Սուֆան դաշտ ներկայացան անշուշտ օտարներ Ճորտըն Սթիվընզի եւ Ճորտըն Համիլթընի կողքին:

Ինչպէս նշեցինք, բոլոր լիբանանցի տղաքը մասնակցեցան իրենց մակարդակը ցոյց տալով, եւ այդ հիման վրայ վստահաբար մարզիչը կրնայ որոշել, թէ որո՛ւն վրայ աւելի պիտի վստահի յաջորդ մրցումներուն:

Պէտք է նշել նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի նոր կարտ Ճորտըն Սթիվընզ շատ լաւ մակարդակի մարզիկ մըն է եւ կը յիշեցնէ անցեալ տարուան Զաք Լոֆթընը, բայց 3 կէտի կողովներու գծով աւելի արդիւնաւէտ կ՛երեւի, անշուշտ դժուար է դատել մնացեալ մարզիկները կամ նոյնիսկ Ճորտըն Համիլթընը, որոնք վստահաբար լաւ կէտեր ունին:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի երրորդ օտար մարզիկը, որ սենթըր դիրքի վրայ կը խաղայ` Եոաթ Ալոք, յառաջիկայ շաբաթ Լիբանան կը հասնի:

Կիսախաղին ՀՄԸՄ մէկ կէտով ետ կը մնար, բայց մրցումի երկրորդ կէսին դժուարացաւ հասնիլ մրցակիցի մը, որ 3 օտարով կը խաղար: 3-րդ մասէն ետք արդիւնքը 66-75 էր, իսկ մրցումը աւարտեցաւ 83-99 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ-ի կազմէն ամէնէն աւելի կէտերը նշանակեց Ճորտըն Սթիվընզ (32 կէտ), մինչ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին նաեւ Ճորտըն Համիլթըն (15 կէտ) եւ Պասել Հարֆուշ (10 կէտ):

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա 7 Կոլ Նշանակեց Վալենսիայի Բերդին Մէջ

Յաջորդը

Փեսքով. «Մոսկուան Միացեալ Նահանգներէն Տակաւին Փութին-Թրամփ Հաւանական Հանդիպումին Վերաբերեալ Ազդակներ Կը Սպասէ»

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.