ԺԱ.- Մշակոյթի Առնչաբար Ու Մասին
1.- Մտաւորականութիւնը հաւաքական ինքնապատկերացում կը յօրինէ եւ յօրինելով` կը շաղախէ հաւաքականութիւն մը եւ անոր դիմագիծ մը կու տայ: Թէօլէօլեան ունի սա հաստատումը. «Սփիւռքը տեւող երեւոյթ մըն է, եւ խնդիրը զայն յաջող ձեւով տեւականացնել է, անոր մէջ հայ դիմագիծ մը գծել ու կերտել է»:
Մէջբերուածը կը գտնուի սփիւռքագէտի «Մշակոյթ եւ գերմշակոյթ» յօդուածին մէջ, որ կ՛ենթադրէ, թէ մտաւորականութեան դերը էապէս մշակութային է:
Ուրեմն «տեւող երեւոյթ» Սփիւռքին համար հայ դիմագիծ մը գծելն ու կերտելը մտաւորականութեան գործն է: Գծել եւ կերտել, եւ ո՛չ` պահել: Ա՛յս իր անսարսելի համոզումն է, զոր լիովին կը բաժնեմ, որովհետեւ կերտելը լաւագոյն պահելն է: Բայց հիմա, ի՞նչ է դիմագիծը:
Շեղումով մը բացատրեմ Թէօլէօլեանի հասկացողութիւնը:
Գրած է, թէ կարելի չէ հայ դիմագիծ մը պահել, քանի որ` «(առաջին) մեր շուրջ ամէն ինչ կը փոխուի. եւ երկրորդ` այն պատճառով, որ պահելը փոխուիլ կ՛ենթադրէ»: Ինչպէ՞ս: Պատասխան ունինք. «Կորիզն ու կենսականը առոյգ պահել(ը)` մեզմէ կը պահանջէ որոշ փոփոխութիւններու համակերպիլ, ուրիշներու հանդէպ անտարբեր չըլլալ, եւ դեռ, ուրիշները քաջալերել: Արդ, պահանջներէն մէկն է հետաքրքրուիլ ոչ միայն մեզմով, մեր հոգերով ու ցաւերով, այլ նաեւ` մեր օտար շրջապատով, որուն ճակատագիրը մեծ մասամբ մերն ալ է, որմէ կախում ունի մեր հաւաքական կեանքի մեծ մասը»: Այս մէջբերումէն կարելի է հասկնալ, որ դիմագիծը կ՛արտայայտէ «կորիզ»-ը, միաժամանակ յարաբերութիւններ ունենալով արտաքին փոփոխութիւններուն հետ կ՛արտայայտէ արտաքինը:
«Կորի՞զ»-ը:
«Դիմագիծ» բառին առաջին արմատը, որ գրաբարի «դէմ»-ն է (հասկնալ` «դէմք»), կը խորհրդանշէ ենթակային (անհատ թէ հաւաքականութիւն) ներքին` այսինքն հոգեկան, բարոյական, կրօնական (եթէ ունի) յատկանիշներուն, գաղափարական մտակազմոյթի եզրերուն արտայայտութիւնը: «Դէմք»-ի գիծերը ներքինը կ՛արտայայտեն, ներքինին կորիզային յատկանիշները կամ եզրերը: Եւ քանի «դէմք» մը կը տեսնուի դուրսէն, ապա` թէ՛ սեփական անդրադարձումի կարելիութիւն ընծայող երես է, եւ թէ` ընկերային (անձին իսկ եւ հաւաքականութեան) նայուածքի կամ հայեացքի առարկայ երես: Ի մի խօսք, դիմագիծը յարաբերութեան կը վերաբերի` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական: Անդրադարձ, նայուածք կամ հայեացք` յարաբերութեան եղանակներ են: Դիմագիծ մը անդրադարձումի հրաւէր է, ճանաչումի, ուստի նաեւ, ըստ ճամբուն, փոփոխումի, եւ ըստ պայմաններուն, այլ գիծերու երեւնալուն, ինքնակերտող ոգիի առկայութեան պարագային` սեփական դէմքի գծակերտումը:
«Կորիզն ու կենսականը առոյգ պահել», գրած է: Այն «պահել»-ը «կը պահանջէ որոշ փոփոխութիւններու համակերպիլ», աւելցուցած է: Համակերպիլը «կենսական» է` պիտի բացատրէի, եթէ իր միտքը յստակ չըլլար: «Համակերպիլ»-ը միշտ չէ, որ ունի դրական նշանակութիւն, քանի որ առհասարակ կը նշանակէ ենթարկուիլ, կրաւորականօրէն ընդունիլ արտաքին ազդումները, նաեւ` անոնց յանձնուիլ: Սակայն Թէօլէօլեանի քով այդպէս չէ: «Համակերպիլ»-ը իրեն համար այլ արարք չէ, քան` «ուրիշներու հանդէպ անտարբեր չըլլալ», «հետաքրքրուիլ ոչ միայն մեզմով, մեր հոգերով ու ցաւերով, այլ նաեւ` մեր օտար շրջապատով, որուն ճակատագիրը մեծ մասամբ մերն ալ է, որմէ կախում ունի մեր հաւաքական կեանքի շատ մեծ մասը»: Յիրաւի, «հետաքրքրութիւնը դիւրին բան չէ»: Արդ, համ-ա-կերպաւորելն է «կենսական»-ը: Եւ անիկա ամէն մարդու գործը չէ, այլ մտաւորականութեան կոչումն է. անոնք կը համ-ա-կերպաւորեն կամ համ-ա-կերպաւորութիւն կը կերտեն, որովհետեւ անիկա «աւելի մտածել» կը պահանջէ: Գրած է. «Պէտք է աւելի մտածել (…) Համաշխարհային «սփիւռքեան» դրոյթի մասին. պէտք է հասկնալ, թէ կը բազմապատկուին ամէն տեսակի երկուութիւններ»: Անկասկած, ո՛չ թէ միայն կը բազմապատկուին «ամէն տեսակի երկուութիւններ», այլեւ` աւելի քան երկուութիւններ: Մէջբերեցի քիչ առաջ. «Հայը միայն հայ չէ, հայ-օտար է, երկուութիւնը անոր կեանքի գոյապայմանն է»: Ընդհանուր սահմանումով` այո՛, հայը միաժամանակ օտար է, բայց օտարը բազմադէմ է, ուստի օտարին հետ հայուն (փոխ)յարաբերութիւնը բազմադէմ օտարին հետ է: Եւ ատիկա նախ անգիտակցաբար կը յօրինէ հայ-բազմադէմ օտարը, ապա եթէ կրնայ բանեցնել «աւելի մտածել»-ը, կամ կը բանեցնէ, գիտակցաբար կը կերտուի հայ-բազմադէմ օտարը:
Այսօր որեւէ ինքնութիւն կը գտնուի սփիւռքեան «բազմերանգ» շրջագիծի մէջ, եւ այն շրջագիծին շաղախն է այն, ինչ որ ծանօթ է «գերմշակոյթ» եզրով: Ժամանակակից աշխարհին մէջ անիկա կը տիրէ: Այն ժամանակ, երբ Թէօլէօլեան գրի կ՛առնէր իր յօդուածը, դեռ սկսած էր «զարգանալ, կազմուիլ ու ձեւ առնել», իսկ այժմ կը տիրէ: Անիկա «միաբնոյթ ու միատարր» է, որ` «Կ՛անտեսէ կրօնական, ազգային, էթնիկ ու ցեղային, այսպէս կոչուած, «անթափանցելի» սահմանները»: Անիկա կը թափանցէ` «Հաստ ու բարակ բոլոր գլուխներէն ներս ու կ՛ընդգրկէ երկրագունդը»: Անոր ազդեցութիւնը բոլորին վրայ է, ամէնուն մէջն է: Հետեւաբար` ամէն հայու: Ո՛չ թէ միայն` Պէյրութի հայուն, Փարիզի հայուն, Պոսթընի հայուն, կամ այլ վայրերու հայերուն, այլեւ` Երեւանի հայուն:
Ինչպէ՞ս հասկնալ այն սահմանումը, թէ գերմշակոյթը «միաբնոյթ ու միատարր» է:
Պատասխանն է. զարգացած ճարտարարուեստ, խառն-դրամատիրութիւն, տնտեսական դրոյթ, պուրժուա-քաղքենի մտածելակերպ: Այսինքն` այն քաղաքակրթութեան, որ «Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի հիւսիսարեւմտեան երկիրներու մէջ զարգացաւ 1750-էն ետք, արմատ արձակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ ու հոն «հասուննալէ» ետք` 1945-էն ասդին սկսաւ տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները»: Սփիւռքագէտը նպատակ չէ ունեցած «մանրամասնօրէն» պարզել գերմշակոյթին բնոյթը, որով տարբեր հասարակութիւններու միատարրութիւնը կը կազմուի, որովհետեւ այդ աշխատանքը հատորներ կը պահանջէ: Պատասխանը քիչ մը աւելի բանալով` գրած է. «Եթէ մէկը ինծի հարցնէր, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ճանչնալ զայն, ո՞ւր կը տեսնենք անոր դրոշմն ու ազդեցութիւնը: Պիտի ըսէի. Պիթլզներու, Պոպ Տիլընի, Ռոլինկ Սթոնզի համաշխարհային համբաւին մէջ, պլու Ճինի վայելած ժողովրդականութեան մէջ, թրանզիսթըր-ռատիոներու, հեռատեսիլի, քոմփիւթըր հաշուիչ մեքենաներու մէջ, եւ զբօսաշրջութեան խուժաններուն մէջ»: Ապա թէ` «Ստեղծուած է ապրելակերպի իտէալ մը, ճաշակ մը, ինքնասեւեռումի ոճ մը, որ մակերեսային է թէեւ, սակայն կ՛ենթադրէ շատ աւելի խորունկ, տեւական եւ համաերկրագնդային փոփոխութիւններ»: Ըստ իրեն, այս փոփոխութիւններուն «գլխաւոր ազդակ»-ն է` «Բոլոր երկիրներու տնտեսութեանց համարկումը մէկ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ»:
Արդ, ի շարս բազում եւ բազում այլոց` հայութեան ընդհանրապէս, եւ յատկապէս սփիւռքահայութեան գոյութիւնն ու մշակոյթը եւս կը գտնուին գերմշակոյթի ազդեցութեան տակ: Յիրաւի, «հասած է գերմշակոյթ մը, որ բոլոր «ազգային» մշակոյթներուն կու տայ «էթնիկային» կամ «գաւառական» դեր»:
Հայ մշակոյթը «էթնիկային» կամ «գաւառական» է: Այս հաստատումը ժխտական միտքով չէ կատարուած, եւ ոչ ալ` յուսահատական տրամադրութեամբ: Գրած է. «Բոլորովին յուսահատական չէ հայ մշակոյթի վիճակը, գոնէ` տեսականօրէն», այսինքն կարելի է արդարացնել վիճակին յուսահատական չըլլալը, քանի որ, օրինակ, հզօր Ֆրանսայի հպարտութիւն մշակոյթն ալ «էթնիկական» մշակոյթ մըն է, որ իր կարգին ենթակայ է գերմշակոյթին. եւ` քանի որ հայ մշակոյթը սփիւռքեան հիւծած հայուն եւ գաղթականութեան արտադրածն է: Անշուշտ Ֆրանսան «ունի հսկայ առաւելութիւններ»` յարաբերաբար «սփիւռք եղող հայ էթնիկ խմբաւորումներու(ն)»:
Եւ վերջապէս, հայ մտաւորականին, ինչպէս «լայնախոհ» հայ պարբերականներուն դերն է «նայիլ դուրս, ինչպէս նաեւ` ներս: Արձագանգել ազգային մշակոյթներու, բայց նաեւ` գերմշակոյթին, միաժամանակ սեւեռելով հայ մշակոյթին վրայ, վերանայելով ու վերաքննելով մեր դասական մշակոյթը` արդի ակնոցով»: («Դասական»-ով նկատի ունեցած է հայ մշակոյթի ոչ միայն անցեալի արտայայտութիւնները, այլեւ` ժամանակակիցները, որոնք արձանացած են` որպէս կարեւոր իրագործումներ հայ ինքնապատկերացման):



