Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ ամփոփած է 7-11 յունուար Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Ազրպէյճան իր այցելութիւնը` նշելով.
«Ընդգծուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը նախկինին պէս հաւատարիմ է այդ ռազմավարական շրջանին եւ գործընկերային յարաբերութիւններուն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի հետ:
«Բարձր գնահատուած է երկու մայրաքաղաքներու ղեկավարութեան եւ պաշտօնատար անձերուն հետ կարծիքներու խորացուած փոխանակումը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս լաւագոյնս պէտք է նպաստել խաղաղութեան, կարգաւորման ջանքերուն, շրջանային համագործակցութեան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
«Նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ընդլայնուած աջակցութիւն ցուցաբերելու կարգաւորման հոլովոյթին` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տարբեր երեւոյթներու, ներառեալ ընթացիկ երկկողմանի բանակցութիւններու, մարդասիրական հարցերու եւ համագործակցութեան վրայ:
«Ընդգծուած է կայուն խաղաղութեան հասնելու, չլուծուած հարցերու լուծման գործին մէջ յառաջընթացի ապահովման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու կարեւորութիւնը»: