Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Կը Պնդէ, Որ Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Վերաբերեալ Փաստաթուղթեր Չեն Ստացուած

December 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) Հայաստանի դուրս գալու վերաբերեալ փաստաթուղթեր չեն ստացուած, Մալթայի մէջ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան արդէն ինքզինք ՀԱՊԿ-էն դուրս կը նկատէ, եւ ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւնները անցած են անդառնալիութեան կէտը:

«Նման փաստաթուղթ չէ ստացուած: Մենք լսած ենք այդ քննարկումները, եւ Հայաստանի վարչապետը խորհրդարանին մէջ լայնօրէն խօսած է այդ նիւթին մասին: Մենք ոեւէ մէկուն ոչինչ կը պարտադրենք: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի անվտանգութեան շահերէն կը բխի ամբողջութեամբ օգտագործել իր անդամակցութիւնը», յայտարարած է Լաւրով:

Հայաստան յայտարարած է, որ կը սառեցնէ իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն, մայիսին ալ հրաժարեցաւ իր բաժին ֆինանսաւորումը յատկացնել այդ կառոյցին, տեւաբար չի մասնակցիր միացեալ ռազմափորձերուն, հանդիպումներուն, սակայն պաշտօնապէս չէ դիմած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հոլովոյթը սկսելու համար:

Երեւան խստօրէն կը քննադատէ ՀԱՊԿ-ը յատկապէս 2022 թուականին Հայաստանի գերիշխան տարածք ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումէն ետք, երբ այդ կառոյցը ոչ միայն չպաշտպանեց իր անդամը, այլ նոյնիսկ պատշաճօրէն չարձագանգեց Ազրպէյճանի յարձակումին:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս տարուան սեպտեմբերին յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ն սպառնալիքներ կը ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութեան համար` աւելցնելով, որ ատոր համար Երեւանը սառեցուցած է այդ կառոյցին մէջ իր անդամակցութիւնը:

 

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Նոյն Խմբակին Մէջ

Յաջորդը

Պայրամով Մերժած Է Մալթայի Մէջ Պլինքընի Միջնորդութեամբ Հանդիպիլ Միրզոյեանին

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.