Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական «Սուրա Քամիլա» Յայտագիրէն Զրոյց` Վերա Եագուպեանի Հետ

April 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտական պատկերասփիւռի «Օն Թի. Վի.¬ լայվ» կայանը 24 ապրիլի երեկոյեան «Սուրա Քամիլա» յայտագիրէն պատրաստեց ու սփռեց Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած կենդանի հանդիպում¬զրոյց մը, որ կը կրէր «100 տարի` Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան» խորագիրը:

Յայտագիրին կը մասնակցէին Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ ՌիՖաաթ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան` սքայփով, Լիբանանէն, եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ ՄուսթաՖա Էճի Օղլու` հեռաձայնային կապով, Թուրքիայէն:

Զրուցավարը իր նախաբանին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ արդէն իսկ 97 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց եւ այնպէս անիկա կը շարունակէ կախեալ մնալ քաղաքական քաշքշուքներէ եւ միջազգային օրէնքներէ, որոնք զօրութիւնը չունին ոճրագործին պարտադրելու` ճանչնալու իր յանցագործութիւնը, գէթ ներում հայցելով: Ան զրոյցին մեկնակէտ ընտրեց հետեւեալ հարցումը. «Որո՞նք են աշխարհով մէկ սփռուած հայերը եւ ի՞նչ է անոնց պատմութիւնը Թուրքիոյ հետ, արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն իրենցմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալ»:

Պատասխանելով իրեն ուղղուած այն հարցումին, թէ հայերը ի՞նչ միջոցներու կը դիմեն իրենց դատը հետապնդելու համար` Վերա Եագուպեան յայտնեց, որ Հայ դատի հետապնդումը նոր չէ, որ ընթացք առած է, այլ երկար տարիներէ ի վեր այս գծով աշխատանք կը տարուի լոպիիստական գործունէութեամբ, յատկապէս Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ, ուր գտնուող հայկական գաղութները իրենց ապրած երկիրներէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ պարտադրել Թուրքիոյ` ճանչնալ հայութեան դէմ գործած իր ոճրագործութիւնը: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր տեղակայուած են հայկական ամէնէն հին գաղութները` յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ, Հայ դատի յանձնախումբերու ճամբով յատուկ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այս հարցը ծանօթացուի արաբական աշխարհին` անոր փոխանցելով հարցին պատմական իրողութիւնն ու փաստերը: Աւելի՛ն. ան շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը թեւակոխած է նոր հանգրուան, ուր Թուրքիայէն կը պահանջուի ո՛չ միայն ճանչնալ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլեւ հայ ժողովուրդին կրած բազմաբնոյթ վնասները հատուցել: Ան յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանքներ կը կատարուին եւ թղթածրարներ կը պատրաստուին` Թուրքիայէն պահանջելու համար վերադարձնել հայկական եկեղեցական կալուածները եւ ազգային ժառանգութիւնը:

Թուրք նախկին խորհրդարանականը, ինչպէս նախատեսուած էր, փորձ կատարեց պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու` յայտնելով, որ նման դէպքեր երբեք տեղի չեն ունեցած Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կամ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն. աւելի՛ն, ան փորձեց կրօնական բնոյթ տալ այս հարցին եւ ըսաւ, որ հայերը իրենք թուրքերը ջարդած են: Թուրք հիւրին այս արտայայտութիւններուն հակազդելով` Վ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ ասիկա թրքական հեքիաթ մըն է` թուրքերուն կողմէ յաճախ կրկնուած, նպատակ ունենալով հանրային կարծիքին վրայ ազդել. ան նախկին խորհրդարանականին հարց տուաւ, որ եթէ ոչինչ պատահած է, ուրեմն ինք ինչո՞ւ Լիբանան կը գտնուի, ինչո՞ւ հայութիւնը աշխարհով մէկ տարածուած է այսօր: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ հայերուն իսկական բնօրրանը հանդիսացող Անատոլուի հայերը ո՞ւր են արդեօք այսօր, ինչո՞ւ հոն ոչ մէկ հայ մնացած է: Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն նաեւ յայտնեց, որ միայն 1915¬ին չէ, որ հայութեան դէմ ջարդեր կատարուած են, այլ նաեւ աւելի կանուխ` 1894-96 թուականներուն, համիտեան ջարդերուն, որոնք կանխամտածուած եւ կազմակերպուած էին:

Եգիպտացի պատմաբանը, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ եգիպտահայ գաղութին մասին քաջատեղեակ է, ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, նաեւ մասնակից դարձած է Հայ դատի խորհրդաժողովներուն, իր տեսակէտը փոխանցելով լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ հայերը եղած են հին ժողովուրդ` հաստատելով, որ անոնք Ցեղասպանութեան ենթարկուած են: Ան նաեւ սահմանեց ցեղասպանութիւն բառը, որ թէեւ ուշ սահմանուած է, բայց եւ այնպէս անիկա լաւապէս կը համընկնի ու կը պատշաճի 1915 թուականի հայոց ջարդերուն:

Պէտք է նշել, որ եգիպտական կայանի մը կողմէ նման յայտագիրի մը կայացման նախաձեռնութիւնը աննախընթաց էր եւ այդ իմաստով ալ կարեւոր է, որովհետեւ առիթ կը հանդիսանայ եգիպտական հանրային կարծիքը եւս իրազեկ դարձնելու Հայ դատին եւ հայկական պատմական իրողութիւններուն:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պէյրութ, 26 Ապրիլ 2012

Նախորդը

Հիւրընկալելով Աւստրիոյ Նախագահը` Նախագահ Սլէյման Կը Մերժէ Պաղեստինցիներու Բնակեցումը Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Բագրատունի Կը Բողոքէ Պատկերասփիւռի Պետական Կայանին Թրքական Օժանդակութեան Գծով

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։