Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Սպառնայ «Համապատասխան Դիւանագիտական Քայլեր Կիրարկել»` Ի Պատասխան Լեհաստանի Նախագահի Հայաստան-Ազրպէյճան Սահման Այցելութեան

November 29, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անդամներու ուղեկցութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան սահման այցելութիւնը, ցաւօք, Եւրոպական Միութեան անդամ տարբեր երկիրներու եւ եւրոպական կառոյցներու «հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան» հերթական ցուցադրութիւն է», այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը`  մեկնաբանելով Տուտայի սահման այցելութիւնը:

«Խորապէս կը ցաւինք, որ պաշտօնապէս Ազրպէյճանի «ռազմավարական գործընկեր» երկրի նախագահը մասնակցած է անընդունելի դիւանագիտական «հեռադիտակային շոուին», որ կը յանգեցնէ Ազրպէյճանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւններու սրման: Հակառակ Ազրպէյճանի պաշտօնատարներու բազմաթիւ դիմումներուն` ուղղուած Լեհաստանի նախագահի աշխատակազմին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, լեհական կողմը զերծ չէ մնացած այս սադրիչ քայլէն: Ազրպէյճան ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ այս ոչ բարեկամական գործողութեան դէմ համապատասխան դիւանագիտական քայլեր ձեռնարկելու», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահը Երասխի մէջ հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անձնակազմի հետ:

Նախքան այդ, հաղորդուած էր, որ Լեհաստանի նախագահը 25-27 նոյեմբերին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելէ Երասխ համայնք` մասնակցելու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան հետ միացեալ պարեկութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարն է Մարքուս Ռիթերը, իսկ անոր տեղակալը լեհ Մարեք Քուպերսքին է:

Առաքելութիւնը ստեղծուած է փետրուար 2023-ին` երկու տարուան ժամկէտով, եւ անոր նպատակները կը ներառեն վերահսկել կացութիւնը եւ պարեկութիւն կատարել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ:

Նախորդը

Շոյկու. «Նոր Հայեցակարգով Ռուսիոյ Հիւլէական «Հովանոց»-ը Նախ Եւ Առաջ Նախատեսուած Է ՀԱՊԿ-ի Երկիրներուն Համար»

Յաջորդը

Թասմակամպեթով. «Յոյս Ունինք, Որ Տեսանելի Ապագային Հայաստան Պիտի Վերադառնայ Կազմակերպութեան Լիարժէք Մասնակցութեան»

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.