Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր (Իտալիա) 1 ժամ 25 վայրկեաններու ընթացքին 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցի` առաջին անգամ ըլլալով դառնալով «Մասթըրզ»-ի ախոյեան` Թորինօ (Իտալիա) քաղաքին մէջ:
Անցեալ տարի Սինըր հասած էր իր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի աւարտականին, սակայն պարտուած էր սերպ Նովաք Ճոքովիչէն, որ չմասնակցեցաւ այս տարի:
Կիսաւարտականին Սինըր յաղթած էր նորվեկիացի Քասփըր Ռուտին (6-1, 6-2), մինչ Ֆրից դուրս ձգած էր գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը (3-6, 6-3 եւ 7-6):
Զվերեւ իր երեք մրցումներուն ալ յաղթած էր` պարտութեան մատնելով Ալքարասը, Ռուտը եւ Ռուպլեւը, մինչ Սինըր, որ իր բոլոր մրցումներուն ալ յաղթեց այս մրցաշարքին, նախապէս յաղթած էր Մետվետեւին, Ֆրիցին եւ Տը Մինաուրին: