2024-ի Ֆորմիւլա 1-ի տարին հասած է իր վերջին հանգրուանին, ուր մնացած են 3 կրան փրիներ, որոնք 3 յաջորդական շաբաթներու վրայ պիտի փակեն տարին:
Վերջին երեք տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 62 կէտի առաւելութիւն ունի Բ. դիրքը գրաւող Լանտօ Նորիսի վրայ, որ 10 կէտ կորսնցուց վերջին կրան փրիին` Պրազիլի մէջ, ուր սփրինթի մրցումը եւ կրան փրին շահած էր Վերշթափըն: Նորիս, որ 52 կէտի նուազեցուցած էր տարբերութիւնը Վերշթափընի հետ, պէտք է իր առաւելագոյնը փորձէ վերջին 3 կրան փրիներուն, որպէսզի շահի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Վերշթափըն իր կարգին պիտի փորձէ Լաս Վեկասի մէջ իսկ վերջացնել տիտղոսի հարցը` շահելով կրան փրին:
Ուրեմն մնացած են 3 կրան փրիներ` Լաս Վեկասի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի մէջ, ուր 3 դեկտեմբերին վերջ կը գտնէ տարեշրջանը:
Թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ախոյեանը, կրնայ յստականալ վերջին օրը, եթէ Նորիս յաջողի աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել, քան Վերշթափընը` յառաջիկայ կրան փրիներուն: