Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Առիթով` Կեդրոնական Գաղութին Ուժի Ցուցադրութիւնը

April 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւը եւ այնտեղ կազմակերուած բողոքի ցոյցը ապրիլ 24-ի օրը վերածեցին սփիւռքի կեդրոնական գաղութի ուժի ցուցադրութեան օրուան:

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Անթիլիասի Նահատակաց մատուռին առջեւ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գօտեպնդիչ պատգամով սկսած քայլարշաւ-բողոքի ցոյցը գրաւեց Անթիլիաս-Ռապիէ մայրուղին. քայլարշաւ-բողոքի ցոյցին մասնակից ցուցարարներու համրանքը լիբանանեան մամուլի ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ նկատուեցաւ իբրեւ բողոքի գործողութեան աննախադէպ տարողութիւն:

Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեամբ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջկուսակցական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ թրքական դեսպանատունը իբրեւ բողոքի հասցէ ընտրած զանգուածային ցոյցը յաջողեցաւ բազմաթիւ քաղաքական պատգամներ փոխանցել: Քայլարշաւ-ցոյցի փոխանցած պատգամներուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենայ մեր թերթը: Արձանագրել պէտք է, որ թրքական գործօնի աշխուժ վիճակը թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ այս երկրին մէջ մղիչ հիմնաւորում էր այս տարուան ցուցական գործունէութեան նման դրսեւորումին, թիրախաւորումին եւ թրքական պետութեան լիբանանեան ներկայացուցչութեան առջեւ պահանջատիրական ելոյթին:

Բողոքի գործողութեան զանգուածային տարողութիւնը բնականաբար պիտի չվրիպէր միջազգային, շրջանային, թրքական եւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն:

Ցուցարարները անտեսելով  կէսօրուան արեւը եւ ճամբուն զառիվեր ընթացքը իրենց ընդառաջումով տպաւորիչ զանգուածայնութիւն ապահովեցին քայլարշաւ-բողոքի ցոյցին: Ցուցարարները արագակշռոյթ քայլերով կը շտապէին հասնիլ թրքական դեսպանատուն: Տարեցն ու անչափահասը, կինը, երիտասարդն ու մանուկը` բոլորը համախմբուած պահանջատիրութեան միեւնոյն դրօշին տակ քալեցին դէպի թրքական դեսպանատուն եւ պահանջներու բարձրաձայնումով, երգերով եւ պաստառներով  դատապարտեցին ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներն ու ժխտողականութեան քաղաքականութեան լծուածները:

Լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ փաստեց իր ուժականութիւնը եւ դրսեւորեց հաւաքական անխորտակելի կամք`  թրքական պետութեան նախաձեռնած աշխուժութեան դիմաց չընկրկելու եւ աւելի ուժգնութեամբ բողոքելու, պահանջելու եւ  իր բոլոր իրաւունքները վերականգնելու:

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքէն Թուրքիոյ Դեսպանատուն. Հաստատ Քայլերով Եւ Միակամ Բռունցքներով Լիբանանահայութիւնը Բողոքի Քայլարշաւով Արտայայտեց Իր Հաւաքական Ընդվզումն Ու Պահանջները

Յաջորդը

Մեր Այսօրուան Թիւը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։