«Ազդակ» իր 97-ամեայ առաքելութեան ճամբուն վրայ, ամէնօրեայ հեւքով եւ ի գին նիւթական, արհեստագիտական ու մարդուժի բազում դժուարութիւններու, միշտ մնացած է պատնէշի վրայ:
«Ազդակ» ժողովուրդին համար եղած է դպրոց, ինքնազարգացման աղբիւր, մտքի ու հոգիի սնունդ ներարկած է իրերայաջորդ սերունդներու եւ նոր հորիզոններ բացած է հայ մտքի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ: Թերթի պատմութեան մէջ կ՛արտացոլայ հայ կեանքի եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին ամբողջ տարեգրութիւնը:
Թերթի 97 տարուան հաւաքածոներու շարքին, յատուկ արժէք կը ներկայացնեն «Ազդակ»-ի մատենաշարները, թերթօնները, բացառիկները եւ գրական, մշակութային, քաղաքական, պատմական եւ մարզական յաւելուածները:
«Ազդակ»-ի երախտաւորներէն մեզի ձգուած անգին աւանդ է նաեւ խմբագրատան մէջ գտնուող հարուստ գրադարանը:
Յատկապէս քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ պայմաններուն տակ, տպարանի, խմբագրատան եւ անձնակազմի տեղափոխութիւններուն հետ կապուած` գրադարանին տեղափոխութիւնները պատճառ եղած են շատ մը գիրքերու անվերադարձ կորուստին: Անփոխարինելի եղած է յատկապէս «Ազդակ»-ի մատենաշարի շարք մը թիւերու կորուստը:
«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ձեռնարկած է գրադարանի վերադասաւորման աշխատանքներուն եւ նախանձախնդիր է յատկապէս մատենաշարի թիւերու ամբողջացումին:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք նշել, որ ընդառաջելով մեր կոչերուն, շարք մը ընթերցողներ եւ հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացողներ, հազուագիւտ գիրքեր եւ նաեւ իրենց ամբողջ գրադարանները նուիրեցին «Ազդակ»-ի գրադարանին:
Յատկապէս կ՛ուզենք նշել, որ «Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ մատենաշարի ամբողջացուած թիւերն են` 5, 6, 8, 12, 13, 14, 17, 20, 27, 31, 38, 42, 45, 46, 49, 53, 54, 55, 57, 58, 59, 62, 63, 64, 66, 67, 68, 70, 73, 74, 75, 76, 77, 78, 79, 80, 81, 82, 83, 84, 85, 86, 87, 88, 89, 90, 91, 92, 93, 94, 95, 96, 97, 98 եւ 99, ինչպէս նաեւ «Զրուցատրութիւն հայերէնէ անգլերէն», «Յովսէփ Էմինի կեանքն ու արկածները» եւ «Գիւղը»:
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ընթերցողներուն, որ եթէ իրենց մօտ ունին «Ազդակ»-ի մատենաշարի վերոյիշեալներէն զատ, թերթի գրադարանին մէջ պակսող թիւերը, բարեհաճին նուիրել, ի սէր հայ մամուլին եւ մշակոյթին: