Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխատանքային Ծրագիրս Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Սէյիտ Նասրալլայի Ծրագիրը Շարունակելն Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Հոկտեմբեր 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իբրեւ Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղար Իր Առաջին Ուղերձին Մէջ

Հըզպալլայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ իր այդ պաշտօնին ընտրուելէն ետք արտասանած առաջին պատկերասփռուած ուղերձին սկիզբը յայտնեց. «Մեծ զոհողութիւններ մեզի կը սպասեն, սակայն վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք»:

Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ իր աշխատանքային ծրագիրը բոլոր ոլորտներուն` քաղաքական, ժիհատական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ծրագիրը շարունակելն է: «Պիտի շարունակենք գործադրել դիմադրութեան ղեկավարութեան ճշդած պատերազմի ծրագիրը, եւ ճշդուած քաղաքական ցուցմունքներու ծիրին մէջ պիտի մնանք պատերազմի ուղիին վրայ», նշեց ան:

Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Կազային թիկունք կանգնիլը Կազայի դռնէն ամբողջ շրջանին համար Իսրայէլի վտանգը դիմակայելու պարտաւորութիւն էր: Ան ըսաւ, որ կուսակցութեան Կազային թիկունք կանգնելուն պատճառներուն մասին հարցում պէտք չէ ուղղուի, այլ ուրիշներուն պէտք է հարցուի, թէ ինչո՛ւ Կազայի բնակչութեան թիկունք չեն կանգնիր:

Անդրադառնալով ոմանց այն խօսքին, թէ Իսրայէլ գրգռուեցաւ, ան հարց տուաւ. «Արդեօք Իսրայէլը պատրուակի կարի՞ք ունի»: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին յանձնառու չէր եւ 39000 անգամ զայն ոտնահարած էր, իսկ 11 հոկտեմբեր 2023-ին, «այսինքն` «Աքսայի ջրհեղեղ»-էն 4 օր ետք», Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Լիբանանի հետ պատերազմի մէջ մտնելու լուրջ քննարկում կար, սակայն Ուաշինկթըն չհամոզուեցաւ, որ անիկա առիթ է, եւ իսրայէլեան կառավարութեան մէջ տարակարծութիւն կար, ուստի մտադրութիւնը կար:

Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պատերազմը սկսած է նոր Միջին Արեւելքի համար: «Դիմադրութեան մէջ մենք կը խանգարենք Իսրայէլի ծրագիրը, եւ կարող ենք ատիկա ընելու, սակայն պատրուակ չտալու պատճառաբանութեամբ սպասելով ամէն ինչ կը կորսնցնենք», ըսաւ ան:

«Իսրայէլ պատրուակի կարիք չունի, եւ աւելի լաւ է պաշտպանական յարձակումի տէր Դիմադրութիւն ունենալ, քան սպասել, որ Իսրայէլ մեր վրայ յարձակում գործէ եւ ոչինչ ընենք», շեշտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Մենք մեզ նկատեցինք արգելակիչ պաշտպանութեան ծիրին մէջ, եւ այս է պաշտպանութեան ու ազատագրութեան ուղին»:

«Այսօր մեծ ծրագիր մը կը դիմակայենք, ասիկա Լիբանանի եւ Կազայի վրայ իսրայէլեան պատերազմ չէ, այլ իսրայէլեան-ամերիկեան-եւրոպական համաշխարհային պատերազմ, որուն մէջ համաշխարհային մակարդակով բոլոր կարողականութիւնները կան, որպէսզի ոչնչացուին մեր Դիմադրութիւնն ու շրջանին մէջ մեր ժողովուրդը: Այս ծրագիրը առնուազն ամերիկեան-իսրայէլեան է, Ամերիկայի կողմէ ամբողջական որդեգրումով», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Կազայի եւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան առասպելական տոկունութիւնը մեր սերունդներուն ապագան պիտի կառուցէ», շեշտեց Հըզպալլայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարը:

Շէյխ Քասեմ նշեց, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլը կը դիմակայէ իր որոշումով եւ իր հողերը պաշտպանելու կամքով: «Փոխան ոչ ոքի եւ ոչ ոքի ծրագիրին համար կը կռուինք, այլ մեր ծրագիրը Լիբանանը պաշտպանելն է, հողը ազատագրելը, Պաղեստինի մէջ մեր եղբայրներուն թիկունք կանգնիլը, մեր երկիրը անկախ դարձնելը, եւ Ամերիկային ու Իսրայէլին արգիլելը, որ մեզի տիրեն», շեշտեց ան:

«Հըզպալլայի մօտ կարելիութիւնները ապահովուած են եւ երկարատեւ պատերազմի պատշաճ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոր, որ գրաւը մեր տկարանալուն վրայ կը դնէ, կ՛ըսենք. «Հըզպալլան պատերազմէն ետք Դիմադրութեան եւ քաղաքականութեան մէջ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ»:

Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ որոշէ, որ կ՛ուզէ յարձակումը դադրեցնել, կուսակցութիւնը համաձայն կ՛ըլլայ իր պատշաճ նկատած պայմաններով:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը առանցքային է, եւ բոլոր նախաձեռնութիւններուն արդիւնքները անկէ ետք յայտնի պիտի ըլլան, իսկ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, «աղմուկ է»: «Մինչեւ հիմա չառաջարկուեցաւ ծրագիր մը, որուն Իսրայէլ համաձայն է, եւ Հըզպալլայի կողմէ քննարկելի է», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Ամալ շարժումին հետ յարձակումի դիմակայման մէջ միասնական ենք, եւ (խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ) Պըրրին է յարձակումի դադրեցման բանակցութեան առանցքը: Հըզպալլան, կառավարութիւնն ու Պըրրին լաւագոյն լուծումներու շուրջ փոխհասկացողութեան գալու իրենց ձեւերը ունին», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

 

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հոքշթայն Եւ Մքկըրք Այսօր Իսրայէլ Պիտի Այցելեն` Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Հասնելու Ջանքով

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Պաալպեքի Եւ Սուրի Վրայ Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?