Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը Վազգէն Պատալեանի գլխաւորութեամբ իր առաջին մետալը ապահովեց:
63,5 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռաֆայէլ Ներսիսեան 3 ռաունտերուն ալ մեծ առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել իսրայէլացի ներկայացուցիչ Ռայահ Ապտալլային` հասնելով կիսաւարտական եւ ապահովելով առնուազն պրոնզէ մետալ:
Այսօր, քառորդ աւարտականին, Հայաստան կ՛ունենայ 6 ներկայացուցիչ:


