Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Գոռ Սահակեան երկամարտի 320 քկ արդիւնքով (140+180 քկ) ոսկի մետալ շահեցաւ, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան:
Արաշէի մրցումներուն Գոռ 140 քկ կրցաւ բարձրացնել, մինչ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 180 քկ արդիւնքով շահեցաւ նաեւ փոքր ոսկի մետալ:
20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեան դարձած էին Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ) եւ Ժորա Գրիգորեան (55 քկ): 61 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռաֆիկ Մինասեան երկամարտի 264 քկ արդիւնքով դարձած էր արծաթէ մետալակիր:
Եւրոպայի (23 տարեկանէն վար) երիտասարդներու ախոյեան դարձած էր նաեւ 61 քկ կշիռի Գառնիկ Չոլաքեան:


