Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա»-ի. Իսրայէլեան Բանակը Կը Կարծէ, Որ Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Կարգաւորումը Կարելի Է Յառաջ Մղել, Որովհետեւ Նպատակներու Մեծամասնութիւնը Իրագործուած Է

Հոկտեմբեր 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կը կարծէ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կարգաւորումը կարելի է յառաջ մղել, որովհետեւ «նպատակներուն մեծամասնութիւնը իրագործուեցաւ, սակայն աշխատանքը չամբողջացաւ»:

Կայքը կը նշէ, որ ըստ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատարութեան, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներուն մեծամասնութիւնը քանդուած է, եւ զէնքերուն մեծամասնութիւնը կամ Իսրայէլ տեղափոխուած է, կամ տեղւոյն վրայ ոչնչացուած:

«Ուալլա» կը յայտնէ, որ հակառակ ատոր, մարտական պատասխանատուներ կ՛ըսեն, որ տակաւին կան գիւղեր, ուր աշխատանքը չէ ամբողջացած: Եթէ այդ դասաւորման կարելի չըլլայ հասնիլ, իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի երկու բեմագրութիւններու, եւ պէտք է հրամաններու գործադրութեան բնորդ ներկայացնէ:

Կայքը կ՛ըսէ, որ եթէ քաղաքական իշխանութիւնը չկարենայ Լիբանանի հետ հարաւային Լիբանանի հարցով կարգաւորման հասնիլ, գոյութիւն ունին երկու կարելիութիւններ` ցամաքային գործողութիւններու եւ օդային յարձակումներու ճամբով զինուորական ճնշումի շարունակումը, ամբողջ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի զինուորներու գրաւած հողերու զինուորական ձեռք առնումը, ներառեալ այն բեմագրութիւնը, ուր իսրայէլեան բանակէն պիտի պահանջուի գիւղերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը ընդլայնել:

«Ուալլա» կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը կը կարծէ, որ որեւէ բեմագրութիւն, ըլլայ այդ Լիբանանի հետ քաղաքական կարգաւորման կամ կարգաւորման բացակայութեան, իսրայէլեան բանակէն պիտի պահանջուի հարաւային Լիբանանի մէջ կարգ ու կանոնի պարտադրման բնորդ ներկայացնել:

Այն հարցումը, որ իսրայէլեան բանակի սպաները կը հարցնեն, հետեւեալն է. կրակոցով կարգ ու կանոնի պարտադրումը իսրայէլեա՞ն հողերէն պիտի ըլլայ, թէ՞ լիբանանեան հողերէն:

Նախորդը

Նաքուրայի Վրայ Հրթիռային Յարձակումի Մը Ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի Անդամ 8 Աւստրիացի Զինուորներ Վիրաւորուած Են

Յաջորդը

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթին Յայտնեց Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Դասաւորման Մը, Որ Սահմանի Երկու Կողմերու Քաղաքայիններուն Տունդարձը Պիտի Արտօնէ»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?