Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերպոք. «Իսրայէլ Յաջողեցաւ Հըզպալլան Մեծապէս Տկարացնել, Եւ Այժմ Առաքելութիւնը Դիւանագիտական Ազդու Լուծումի Հասնիլն Է»

Հոկտեմբեր 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք երէկ Պէյրութ հասնելէ ետք զգուշացուց, որ Լիբանան «քայքայման եզրին» է` նշելով. «ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն վրայ որեւէ դիտաւորեալ յարձակում միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է»:

«ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը պաշտպանելու յանձնառութիւնը տագնապի բոլոր կողմերուն համար ի զօրու է», ըսաւ ան:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորները մեր ամբողջական զօրակցութիւնը ունին: Անոնք տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու համար կարեւոր են», ըսաւ Պերպոք:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ յաջողեցաւ Հըզպալլան մեծապէս տկարացնել, եւ այժմ առաքելութիւնը դիւանագիտական ազդու լուծումի հասնիլն է:

Պերպոք Պէյրութի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը շարունակուող տագնապի  քաղաքական լուծումի իրագործման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ:

Ան նշեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ տիրող ներկայ լարուածութիւնը դիւանագիտական լուծում կը պահանջէ, որովհետեւ տագնապը միայն զինուորական միջոցով կարելի չէ աւարտել:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Հըզպալլային կոչ ուղղեց` Լիթանի գետէն ետ քաշուելու, իսկ Իսրայէլին` Կապոյտ գիծէն ետ քաշուելու` շեշտելով, որ տագնապին երկու կողմերը պէտք է պաշտպանեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:

Ան ըսաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը զինադադարի հաստատման յաջորդող ժամանակաշրջանին մէջ կայունութեան երաշխաւորման համար կարեւոր կը նկատուին:

Նշենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

 

Նախորդը

Ռապուէի, Պէյթ Մըսըքի Եւ Նապէի Անտառային Հրդեհին Դէմ Պայքարը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Յաջորդը

Այսօր Փարիզի Մէջ Գումարուելիք Լիբանանի Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախօրեակին Մաքրոն-Միքաթի Հանդիպում

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?