Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, որ քաղաքային պաշտպանութեան անդամները դժուար պայմաններու մէջ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին Ռապուէի, Պէյթ Մըսըքի եւ Նապէի անտառային հրդեհին դէմ պայքարը, որուն կը մասնակցին լիբանանեան բանակէն 4 ուղղաթիռներ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ տնօրէնութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի ուղղակի հսկողութեամբ եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հսկողութեամբ ընթացող ջանքերը կը կեդրոնանան հրդեհի վտանգը մերձակայ բնակուած շէնքերէն հեռու պահելուն վրայ:
Տնօրէնութիւնը նշեց, որ հովի ուժեղութիւնն ու հրկիզուող տարածքի դժուար հասանելիութիւնը կը դժուարացնեն պայքարը:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ դիմուած է մերձակայ քաղաքապետութիւններու ջուրի սիթեռններուն` ջուրով մատակարարելու համար հրշէջ մեքենաները, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի ծրագիր Կիպրոսէն ուղղաթիռներ բերելու` հրդեհը կարելի եղածին չափ շուտ վերահսկողութեան տակ առնելու համար: