Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յայտարարուող Ժամկէտներ, Շարժառիթներ Եւ Շահարկումներ

Հոկտեմբեր 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը Պլինքըն-Հոքշթայն դերակատարներով կը դրսեւորուի Պէյրութ-Թել Աւիւ գիծին վրայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Թել Աւիւէն կը յայտարարէ, որ կ՛աշխատին Լիբանանի մէջ տեւական զինադուլի հաստատման դիւանագիտական լուծումի յանգելու համար: Ասիկա յղում կատարել է ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Հոքշթայնի կատարած յայտարարութիւններուն` 1701, Լիբանանի բանակի դերակատարութիւն, Հըզպալլայի չէզոքացում, Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն:  Փաթեթային դրուածք մը, որ ածանցեալ բաժիններ ունի անշուշտ` 1701+ ընդհանուր բանաձեւին տակ:

Բնականաբար Պլինքընի առաքելութիւնը այս փուլին պիտի կեդրոնանար Կազայի հակամարտութեան վրայ: Լիբանանին վերաբերող բաժինը այս փուլին պարզապէս նշում է Հոքշթայնի ստանձնած դիւանագիտական առաքելութեան:

Կազայի զինադուլը աւելի առաջնային կը թուի ըլլալ: Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը քննարկած է 1,5 շաբաթէն զինադադարի համաձայնութեան կարելիութիւնը: Ժամկէտի նշումը այստեղ ուշագրաւ է եւ անմիջապէս կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան օրը. երկու շաբաթ ետք: Պաշտօնական լրահոսը կը խօսէր այն մասին, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը քննարկած է կարեւորութիւնը ուրուագծելու նոր ուղի մը դէպի յետհակամարտային ժամանակաշրջան մը, որ պաղեստինցիներուն կ՛արտօնէ վերականգնելու իրենց կեանքերը եւ Կազային կառավարում, անվտանգութիւն ու վերաշինութիւն կը տրամադրէ: Պլինքըն  քաջալերած էր  օգտուելու Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն` զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան ուղղութեամբ աշխատելու, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցուցած է Կազա յաւելեալ մարդասիրական օգնութեան մուտքը արտօնելու: Այս շրջածիրին մէջ ան յայտարարած էր, որ մերժելի է Իսրայէլի կողմէ Կազայի վերագրաւումը:

Զինադուլի կնքման համար Միացեալ Նահանգներ յետհակամարտութեան շրջանի պատկերացում կը փոխանցեն:

Առաջինը այն, որ հրադադարի հաստատման առընթեր տեղի կ՛ունենայ գերիներու փոխանակում: Երկրորդ, Իսրայէլ պէտք չէ գրաւէ Կազան: Երրորդ, պաղեստինցիները կ՛ունենան ինքնակառավարման իրաւունք: Չորրորդ` Կազայի վերաշինութիւն եւ անվտանգութեան հաստատում: Ահա այստեղ կայ հանգուցային կէտ, որովհետեւ անվտանգութեան վերահաստատման համար յստակ պատկերացում չկայ: Անվտանգութեան վերահսկումը զինեալ ուժեր կ՛ենթադրեն, եւ պարզ չէ անոնց պատկանելիութիւնն ու բաղադրութիւնը: Կայ սակայն ամերիկեան առաջարկ` Եգիպտոս-Կազա սահմանին վրայ միջազգային ուժեր տեղակայելու: Այս սահմանի վերահսկողութիւնը Համասին ցամաքային ճամբով զինուժի տրամադրումի արգելակումն է փաստօրէն: Այս հանգոյցի ետին տեսանելի է առաջադրանքը, գլխատուած եւ զինաթափ Համաս, որ կը զրկուի հետագային ստանալիք զինական օժանդակութենէ եւ  կը զբաղի կառավարման վարչական գործերով:

Այս հետեւութիւնը կը յիշեցնէ իսրայէլական ապահովական պաշտօնատարի մը վերջերս կատարած յայտարարութիւնը առ այն, որ Հըզպալլայի իբրեւ քաղաքական ու հասարակական շարժում քայքայումը   իսրայէլեան պատերազմի նպատակներէն չէ: Իսրայէլեան կողմի «զիջում»-ի կէտեր պէտք է նկատել այն, որ Համասին կ՛արտօնուի իր վարչատարածքի կառավարման գործերով զբաղիլ, իսկ Հըզպալլային` քաղաքական-հասարակական գործունէութիւն ծաւալել: Երկու ուղղութեամբ ալ գործողութիւնները կը նպատակադրեն գլխատել, զինաթափել եւ հետագային զինուժի օժանդակութիւնները արգելակել: Մնացեալը արտօնելի կամ գուցէ քննարկելի է` կառավարման կամ հասարակական գործունէութիւն իրականացնելու իրաւունք…

Յայտնաբար անոնք են այն նպատակները, որոնց իրականացումով կը պայմանաւորէ Իսրայէլ երկու ուղղութեամբ կնքելի հրադադարը: Յայտարարուող ժամկէտը սակայն շատ նեղ է: Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը մինչեւ ընտրութեան նախօրեակ կ՛ուզէ գոյացնել  հրադադարի շուրջ համաձայնութիւն: Մինչ Թել Աւիւ  զինադուլի կայացման մօտալուտ ըլլալուն մասին յայտարարութիւն կը կատարէ` թէժացնելով յարձակումները եւ բարձրացնելով իր պահանջներուն առաստաղը:

«Ա.»

Նախորդը

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (24 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?