Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (9). Ցեղասպանութիւններու Անպատժելիութիւնը Առիթ` Նոր Յանցագործութիւններու

Հոկտեմբեր 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

9 դեկտեմբեր 1948-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը վաւերացուց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին բանաձեւը, որ կը հաստատէ, թէ խումբի անդամներու սպանութիւնը, խումբի անդամներու մարմնական կամ հոգեկան վնաս պատճառելը, լիակատար կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման պայմաններու ստեղծումը, խումբի ծնունդները կանխելու նախատեսուած միջոցներու կիրարկումը եւ խումբի երեխաներու բռնի տեղափոխումը մէկ այլ խումբ` ցեղասպանութիւն է, մինչ ցեղասպանը պէտք է պատժուի:

Հետագային ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխելու ու առաւել եւս շեշտակի դարձնելու համար, Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը իր 28-րդ նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը, որուն մէջ նշուած է, որ` «Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը կը խրախուսէ նոյնպիսի յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ լուրջ խոչընդոտ է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ժողովուրդներու համագործակցութեան համար եւ կ՛ընդգծէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը` իբրեւ կանխարգիլման կարեւոր գործիք»:

Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը ի՞նչ է: Հրթիռներու հարուածներով ու համատարած աւերներով Իսրայէլ բռնի կը տեղահանէ ժողովուրդը: Արեւի շողերուն տակ, նկարահանման խցիկներուն դիմաց Իսրայէլ կը սպաննէ ծերունիներն ու փոքրիկները, անկարներն ու կիները, կը քանդէ բնակավայրեր, հիւանդանոցներ ու դպրոցներ, կ՛այրէ դաշտեր ու հազարաւոր երեխաներ կը զրկէ մայրական հոգատարութենէն, կը ներխուժէ, ուր որ կ՛ուզէ, եւ նշեալ արարքներով ոչ մէկ միջազգային օրէնք կը յարգէ: Այսօր աշխարհը կ՛ապրի նոր ցեղասպանութիւններ, որոնք հոլիվուտեան բեմականացումներ չեն, այլ իրական արիւն կը թափի, անմեղներ կը զոհուին, երազներ կը թաղուին, ու «մանկութիւն չունեցող մարդոց» թիւերը կ՛աւելնան:

Լա՛ւ: ՄԱԿ-ը ձեւական յայտարարութիւններէն անդին` Կազայի ու Լիբանանի մէջ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար ի՞նչ ըրաւ: Մէկ-երկու սնտուկ սննդեղէնով ու դեղորայքով չի կրնար ոճիրը կանխել, եւ ոչ ալ արցունքոտ աչքերը կրնան կացութիւն փրկել:

Վստահաբար ՄԱԿ-ը պարզապէս մէկն է, որովհետեւ ոչ մէկ միջազգային կազմակերպութիւն խօսքերէն ու «կարեկցանք»-էն անդին բան մը կատարած է: Արաբական լիկան արդէն շատո՜նց արաբական դատէն հեռացած է, իսկ Եւրոպական Միութիւնը սիրային-սեռային խնդիրներով ու շուներու իրաւունքներով զբաղած է, ու առաջնահերթութիւնները փոխուած են: Եւրոպային համար երեխաներուն, այսպէս կոչուած, «սեռը ճշդելու ենթակայի իրաւունքը» աւելի կարեւոր է Լիբանանի փողոցները «ապրող» գաղթականներէն:

Երէկ Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, մօտիկ անցեալին Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն կատարելու ճիգն էր, իսկ այսօր Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչները ենթարկուած են այս արհաւիրքին, եւ այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ պատժուած, եւ այնքան ատեն որ բոլոր ցեղասպանները չեն դատուած, ու արդար հատուցում չէ տրուած ցեղասպանութեան ենթարկուած հաւաքականութիւններուն, ապա նոր ցեղասպանութիւններ պիտի ըլլան, եւ նոր ոճիրները առաւել եւս ողբերգական ու աւերիչ պիտի ըլլան:

Ժամանակն է, որ ՄԱԿ-ը միա՛յն մէկ անգամ հաւատարիմ մնայ Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ նուազագոյնը խիզախութիւնը ունենայ դատապարտելու արարքը ու քննելու պատժական տնօրինումներու եղանակները: Կրնա՞յ: Վստահաբար` ոչ:

Այս ընթացքով այս կազմակերպութիւնը եւ գրեթէ բոլորը ամբողջովին պիտի պարպուին իրենց էութենէն եւ պիտի նմանին այն կառոյցներուն, որոնք միայն ժողովներ կը գումարեն, ատենագրութիւններ կը գրեն, էջեր կը լեցնեն ու ժամեր կը խօսին, բայց ժողովներէն, ասուլիսներէն, համագումարներէն ու խորհրդաժողովներէն անդին` ոչ մէկ գործնական աշխատանք կը տանին: Ֆիզիքապէս կա՛ն, բայց իրողապէս չկան եւ իրենց առաքելութենէն մոլորակներ հեռու են, եւ այնքան ատեն որ Իսրայէլը անպատիժ կը մնայ, վաղը նոր ցեղասպանութիւններ պիտի կատարուին:

22 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով Յիշատակի Նշում

Յաջորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Մերձաւոր Արեւելք. Առկայ Իրողութեան Եւ Պատմութեան Անխզելի Կապը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?