Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մեծ Եղեռնի Յուշակոթողին Շուրջ

April 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին երէկ` երկուշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Մեծ եղեռնի յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց Սարմէ Մինասեան, իսկ արաբերէնով` Թամար Գասապեան:

Անոնք յայտնեցին, որ 97 տարիներ ետք մենք տակաւին կը շարունակենք մեր երթն ու պահանջատիրութիւնը, եւ այդ հսկումը նուիրեցին 97 տարիներ առաջ իրենց կեանքը զոհած բիւրաւոր նահատակներուն, որպէսզի մենք ապրինք իրենց ժառանգած իմաստութեամբ:

Օրուան խօսքը արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդներ իրենց պատմութեան կարեւոր թուականները կը յիշատակեն մեծ շուքով` նոր տեսլականներով դիմաւորելու կեանքի մարտահրաւէրները: Ան այս տարուան կարեւոր դէպքերէն նկատեց վատիկանի արխիւներու բացումը: Թրքական կառավարութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներ կը բանեցնէ անհատներու եւ իշխանութիւններու վրայ, որովհետեւ գիտէ, որ այդ արխիւներուն մէջ կան իրականութիւններ, որոնք կրնան բացայայտել Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը: Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ մեր դատը միայն մենք կրնանք պաշտպանել, եւ կոչ ուղղեց բարեսիրական հաստատութիւններուն, որ նիւթական նպաստներ յատկացնեն ուսանողներու, որոնք իրենց կարգին պատմաբաններ եւ դիւանագէտներ դառնալով պաշտպանեն մեր իրաւունքները: «Մեր ուժը միութեան մէջ է», ըսաւ Ումուտեան:

«Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց փունջ մը հայրենասիրական երգեր, ապա խօսք առաւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան: Ան նշեց, որ նահատակ բառը նուիրական է եւ նշեց. «մենք չենք ուրանար մեր հաւատքը, հայ է մեր անունը եւ Քրիստոս է մեր հաւատքը. մեր նահատակները քալեցին դէպի մահը` մեր կամքն ու Քրիստոսի հաւատքը իրենց սրտերուն մէջ»:

«97 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տակաւին թուրքը հարցականի տակ կ՛առնէ այդ իրողութիւնը», ըսաւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուած ժխտումի քաղաքականութեան մենք դէմ կը դնենք մեր յիշողութեամբ ու գոյատեւումով:

Քանոնի վրայ Իման Հոմսի նուագեց «Երազ Արաքս գետի ափին» ստեղծագործութիւնը, որ յօրինած էր ու մշակած քանոնի համար եւ նուիրած հայ ժողովուրդին:

Այնուհետեւ արաբերէնով խօսք առաւ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան: Ան նահատակներուն անունով հսկումին իւրաքանչիւր ներկայի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Քրիստոսի յարութեան եւ Եղեռնէն հայ ժողովուրդի վերապրումին միջեւ զուգահեռներ գծեց:

«Կռունկ» երգչախումբը եւս այս առիթով մեկնաբանց փունջ մը երգեր, ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ֆրանսերէնով ներկայացուց վկայութիւններ` քաղուած վատիկանեան վաւերաթուղթերէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հայր Մաշտոց վրդ. ահթերեան իր կարգին ոգեկոչեց հայուն կամքն ու գոյատեւելու պայքարը` շեշտելով, որ 97 տարիներ ետք հայուն պահանջատիրութիւնը կը շարունակուի, մինչեւ հասնի իր նպատակին:

Հսկումի արարողութիւնը փակուեցաւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի օրհնութեան աղօթքով:

 

 

 

Նախորդը

«Ապրիլ` Նոր Մայիսներու Յոյսով» Խորագիրը Կրող Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Ուխտեցին Շարունակել Հայութեան Հայավայել Գոյերթը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.