Միացեալ Նահանգներ երբեք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրը ՔՈՓ29-ին չեն կապած: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մեթիու Միլլըր:
«Քանի մը ամիս առաջ մենք կ՛ուզէինք տեսնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ կը պնդէինք, որ անիկա ձեռք բերուի: Բայց եւ այնպէս, ատիկա կախեալ է կողմերէն, ոչ թէ` Միացեալ Նահանգներէն», ըսած է Միլլըր:


