– ԹԱՅՈՒԱՆԻ պաշտպանութեան նախարար Ուելինկթըն Քու յայտնեց. «Թայուանական անվտանգութեան ծառայութիւնները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն Լիբանանի մէջ «Փէյճըր»-ներու պայթումին»` նշելով. «Լիբանանի մէջ հազարաւոր «Փէյճըր» սարքերու պայթումին շուրջ Թայուանի եւ Իսրայէլի միջեւ համակարգում գոյութիւն չունի»:
– «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ճափոնական «Իքոմ» ընկերութիւնը Լիբանանի մէջ ընկերութեան տարբերանիշը կրող անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթումին տեղեկութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:
«Իքոմ» ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Այ.Սի.-Վի82» տիպի անթել հաղորդակցութեան սարքը 2004-էն մինչեւ հոկտեմբեր 2014 կ՛արտածուէր շրջաններ, ներառեալ Միջին Արեւելք: Անոր արտադրութիւնը շուրջ տասը տարի առաջ դադրեցաւ, եւ այդ ատենուընէ ի վեր մեր ընկերութեան կողմէ չէ մատակարարուած»:
– ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը հաղորդեց. «Պետութիւնը չներածեց «Փէյճըր» սարքերը, որոնք վերջերս Լիբանանի մէջ պայթեցան, եւ Հունգարիան այդ առնչութեամբ առեւտրական գործողութիւններուն մէջ միջնորդ չէր»:
Ինչ կը վերաբերի հունգարական ընկերութեան մը մեղսակցութեան, գործակալութիւնը նշեց.«Այս ապրանքներուն վերաբերեալ Հունգարիոյ հողերուն վրայ որեւէ մաքսային քայլեր չկատարուեցան»:
Պուլկարական հետախուզութիւնը իր կարգին նշեց, որ առնչակից կառոյցներու հետ Հունգարիոյ մէջ արձանագրուած ընկերութեան մեղսակցութեան վերաբերեալ ճշդումի գործողութիւններ ձեռնարկած է:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտարարեց. «17 սեպտեմբերի զոհերուն թիւը տակաւին 12 է, իսկ վիրաւորներուն թիւը ճշգրտումներէ ետք` 2323»: Ան աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներուն համաձայն, 18 սեպտեմբերի զոհերուն թիւը 25 է, իսկ վիրաւորներունը` 608:
– ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ եգիպտացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Գահիրէ այցելութեան ընթացքին դռնփակ նիստերուն մէջ մանրամասն կերպով քննարկած են Լիբանանի մէջ պայթումներուն հետեւանքները:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ պատասխանատու աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Մթնոլորտը պատերազմական է, եւ Իսրայէլ իր նախայարձակումով կը ստեղծէ կացութիւն մը, որ արագօրէն կը գլորի դէպի բռնկման պահ, որ մօտալուտ կը թուի»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Բանակի մարտական խումբեր Այսրյորդանանէն կը տեղափոխուին Լիբանանի հետ սահման` առ ի պատրաստութիւն համապարփակ պատերազմի կարելիութեան»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ Հըզպալլայի դէմ յարձակողական շարք մը քայլեր կը սերտէ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը լիազօրած է «Հըզպալլայի դէմ պաշտպանողական ու յարձակողական քայլերը որդեգրելու»` նշելով, որ այդ լիազօրումը «Լիբանանի հետ համապարփակ պատերազմի ծագման պիտի յանգեցնէ»:
– «ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՅՈՄ». «Քաղաքական ղեկավարութիւնը Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչները վերադարձնելու գործողութիւններ վաւերացուց»:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ի գիտութիւն ընդունեցինք Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերաբերեալ Իսրայէլի յայտարարութիւնները եւ կոչ ուղղեցինք` առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու»:
«Մենք մտահոգ ենք, որ Լիբանանի մէջ վերջին ապահովական զարգացումները կը նպաստեն շրջանին մէջ լարուածութիւններու վտանգաւոր մագլցման», նշեց նախարարութիւնը:
– ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց. «Մենք դէմ ենք Լիբանանի գերիշխանութեան ու անվտանգութեան որեւէ ոտնահարման եւ այդտեղի զարգացումներով մեծապէս կը հետաքրքրուինք»:
«Չինաստան մտահոգ է, որ Լիբանանի մէջ դէպքերը շրջանային լարուածութեան մագլցումի յանգեցնեն, եւ կոչ կ՛ուղղէ շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու», նշեց նախարարութիւնը:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Օքազիօ Քորթեզ յայտնեց. «Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ հաղորդակցութեան սարքերը պայթեցնելը անմեղներու վիրաւորման ու սպանութեան պատճառ դարձաւ»:
«Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական օրէնքը», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Քոնկրեսը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումին մասին ամբողջական զեկուցումի կարիք ունի»:
– ՌՈՒՍԻՈՅ խորհրդարանի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մեծ ճարտարագիտութեամբ ծրագրուած յարձակումը կրնայ համաշխարհային մակարդակի վրայ ծանր հետեւանքներու յանգեցնել»` նշելով. «Պէտք է Լիբանանի մէջ հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումներու շարքին շուրջ մանրակրկիտ հետաքննութիւն կատարել»:
– ԻՐԱՆԵԱՆ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի այցելած է Լիբանանի մէջ «սիոնական գոյացութեան ահաբեկչական յարձակումին» հետեւանքով վիրաւորուած Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի, որ Թեհրանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուի:
Ամանի ողջունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան, առողջապահութեան նախարարութեան ու Կարմիր մահիկին կողմէ մեծաթիւ վիրաւորներու Իրանի հիւանդանոցներ տեղափոխումը եւ «ահաբեկչական յարձակումին ու անոր հանգամանքներուն վերաբերեալ բացատրութիւններ» տուած է:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի` ցաւակցութիւն յայտնելով 17 եւ 18 սեպտեմբերին արձանագրուած զոհերուն համար` վերահաստատելով իր տագնապէն դուրս գալու համար Լիբանանին աջակցելու Ֆրանսայի դիրքորոշումը:
Մաքրոն Միքաթիի հետ զրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց «ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ չդիմելու մագլցումի, որ որեւէ լուծումի չի յանգեցներ»: