Երեքշաբթի գիշեր սկսաւ 2024-2025 տարեշրջանի «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ը` իր նոր ձեւով:
Օրուան մեծագոյն յաղթականը Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխն էր, որ 9-2 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով սկսաւ այս տարուան մրցաշարքը` մրցանիշ մըն ալ արձանագրելով:
Պայերնի 9 կոլերը մրցաշարքի պատմութեան (1992-էն ի վեր «Չեմփիընզ լիկ» կը կոչուի) ամէնէն շատ կոլերն էին մէկ մրցումի ընթացքին:
1972-ին նոյնինքն Պայերն 9-0 արդիւնքով յաղթած էր Օմոնիա Նիկոսիայի դէմ, երբ նոյն մրցաշարքը կը կոչուէր Ախոյեան խումբերու բաժակ: Մինչեւ 1992 միայն ախոյեան խումբերը կը մասնակցէին այս մրցաշարքին, հետագային թիւերը աւելցան, եւ երկրի մակարդակին համեմատ` մինչեւ 4 ակումբներ կը մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ Պայերն – Տինամօ Զաղրեպ (9-2) մրցումը 3-րդ ամէնէն շատ կոլ արձանագրած մրցումն է: Մրցանիշը կը պատկանի 2016-ին Տորթմունտ – Լեկիա Վարշաւա (8-4) մրցումին 12 կոլերուն եւ 2003-ին Մոնաքօ – Տեփորթիւօ (8-3) մրցումներուն:
Պայերնի կոլերը նշանակեցին Հերի Քէյն (4 կոլ), Ռաֆայել Կերրերօ, Մայքըլ Օլիզէ (2), Լիրոյ Սանէ եւ Լէոն Կորեցքա: Բ. կիսախաղի սկիզբը, երբ արդիւքը 3-0 էր, Խրուաթիոյ ակումբին յաջորդական կոլերը նշանակեցին Փեթքովիչ եւ Օկիուարա` 49-րդ եւ 50-րդ վայրկեաններուն, ապա Պայերն 6 անգամ պատասխանեց:
Աւելի կանուխ, Անգլիոյ Ասթոն Վիլա ակումբը 41 տարի անց վերադառնալէ ետք «Չեմփիընզ լիկ», կրցաւ Զուիցերիոյ մէջ 3 անպատասխան կոլեր նշանակել Եանկ Պոյզի դէմ մրցումին:
Ասթոն Վիլա, որ 1981-ին շահած էր Ախոյեան խումբերու բաժակը, 1-0 արդիւնքով յաղթելով Պայերն Միւնիխին, յաջորդ տարին ալ մասնակցած էր այս մրցաշարքին եւ բացակայած 41 տարիներ:
Իտալիոյ Եուվենթուս ակումբը իր կարգին յաղթանակով վերադարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»` 3-1 արդիւնքով յաղթելով ՓՍՎ Այնտհովընի, շնորհիւ Եըլտըզի, Մըքեննիի եւ Կոնսալեսի կոլերուն:
Անցեալ տարուան ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շթութկարթը:
Շթութկարթ Ա. կիսախաղին շատ անգամներ վտանգեց Ռէալի բերդը` ցնցելով անոր սիւնն ալ, սակայն Բ. կիսախաղին Ռէալ կրցաւ 3 կոլ նշանակել շնորհիւ Էմպափէի, Ռոտիկըրի եւ Էնտրիքի: Ունտաւ նշանակած էր հաւասարութեան կոլը` 68-րդ վայրկեանին:
Ա. Սէ. Միլան 3-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլի դէմ կոլ նշանակելէ ետք Փուլիշիչի շնորհիւ, 3 կոլ ստացաւ եւ պարտութիւն մը կրեց անգլիական կազմէն: Քոնաթէ, Վան Տայք եւ Սոպոլսայ նշանակեցին Լիվըրփուլի 3 կոլերը:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Եուվենթուս – ՓՍՎ Այնտհովըն 3-1
Եանկ Պոյզ – Ասթոն Վիլա 0-3
Ա. Սէ. Միլան – Լիվըրփուլ 9-2
Ռէալ Մատրիտ – Շթութկարթ 3-1
Սփորթինկ Լիզպոն – Լիլ 2-0
Այսօր տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – Պենֆիքա
Ֆեյենուրտ – Պայեր Լեւերքուզըն
Աթալանթա – Արսենալ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Պրեսթ – Շթուրմ Կրաց
Մոնաքօ – Պարսելոնա


