«Թրենսֆըրմարքեթ» կայքի մասնագէտները Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն հետեւելով ֆութպոլիստներու արժէքներուն տուեալները փոփոխութեան ենթարկած են:
Կրասնոտարի եւ Հայաստանի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանի փոխանցման արժէքը մնացած է անփոփոխ, եւ ան Զենիթի միջնապահ Ուենտելի նման 20 միլիոն եւրօ արժէք ունի:
Կիորկի Յարութիւնեանի փոխանցման արժէքը մնացած է անփոփոխ, եւ 1 միլիոն եւրոյի արժէք ունի:
Լոքոմոթիւ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ազգային խումբի պաշտպան Նայիր Թիքնիզեանի փոխանցման արժէքը 6,5 միլիոն եւրօ է, մինչ Լոքոմոթիւին նոր միացած Էտկար Սեւիկեանի փոխանցման արժէքը 25 միլիոն եւրօ է:
Հայաստանի ազգային խումբի եւ Ռուպինի միջնապահ Ուկուչուքվու Իվուի փոխանցման արժէքը 1,5 միլիոն եւրօ է:
Ռոստովի միջնապահ Խորէն Պայրամեանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 1 միլիոն եւրոյով:


