ՇՆՈՐՀԱԲԱՇԽ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Խաչվերացի տօնին ու Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով
ուրախութեամբ կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու
Վեհափառ հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ
կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2024-ին
Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մատաղի օրհնութեան:
Սկիզբ Ս. պատարագի` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Վեհափառ հայրապետի դիմաւորութիւն` առաւօտեան ժամը 10:30-ին
Հայրապետական պատգամ` առաւօտեան ժամը 11:00-ին
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
—————————————
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հաղորդագրութիւնը
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ հինգշաբթի, 12 օգոստոս 2024-ի գիշերին Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրի մէջ ծագած հրդեհը բարձրացուց ալիք մը յայտարարութիւններու եւ գրառումներու, որոնց մէկ մասը սխալներ եւ յերիւրանքներ կը պարունակեն:
«Ուստի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը խոր ցաւ կը յայտնէ տեղի ունեցած հրդեհին համար եւ կու գայ յստակացնելու հետեւեալը.
«Առաջին` Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրը բացուեցաւ նախարարաց խորհուրդի 7 մարտ 2016-ի թիւ 1 որոշումով, եւ անոր մէջ աշխատանքը գործադրուեցաւ երկու փուլով. առաջին փուլին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ աղբերու բջիջներու մէջ թաղումը, եւ այդտեղ աշխատանքը տարիներէ ի վեր աւարտած է, այդ ատենէն ի վեր մինչեւ այս օրս այդտեղ որեւէ աղբ չէ մտած: Իսկ երկրորդ փուլին սկսաւ Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եղող բջիջներուն մէջ աղբերու թաղման աշխատանքը:
«Երկրորդ` նշեալ հրդեհը յառաջացաւ թափօններու թաղման վայրի Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եղող բաժինին մէջ եւ չմօտեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքին մէջ գտնուող բաժինին, որ աղբերէ դատարկ դարձած է, փակուած է, այդտեղ գտնուող բոլոր փոսերը մշակուած են բարձրագոյն արժեչափերու համաձայն եւ մասնագէտներու եւ առնչակից վարչութիւններու հսկողութեամբ, ինչպէս բոլորը տեղեակ են, եւ բոլորին ծանօթ է:
«Երրորդ` վերոնշեալին հակասող բոլոր պնդումները բացարձակ յերիւրանքներ են, զրպարտութիւն ու իրականութեան հակասող են, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը կը կրեն զանոնք արտայայտողները: Անոնց բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` այս բոլոր յերիւրանքները անտեղի կերպով արտայայտելէ եւ զանոնք բացարձակապէս անձնական ու ամբոխահաճոյական շահերու համար շահագործելէ առաջ, ուղղուելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թափօններու թաղման վայր:
«Չորրորդ եւ վերջին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս տեղեկութիւնները կը դնէ հասարակութեան տրամադրութեան տակ` տարաձայնութիւնները հերքելու համար, եւ հասարակական գործերով եւ հանրային պատասխանատուութիւն կրող իւրաքանչիւրը կը յորդորէ սխալ տեղեկութիւններ եւ յերիւրանքներ արտայայտելու փոխարէն աշխատանք տանելու` գտնելու համար աղբերու տագնապը դարմանելու այլընտրանքային ու տրամաբանական լուծումներ, որոնք կը կանխարգիլեն Պէյրութի եւ Մեթնի աղբերով ողողումը»:
—————————————
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այսու կը ծանուցենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, 2024-2025 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւններու համար, իր դռները բացած է եւ նոր սաներ կ՚ընդունի մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2024։ Հետեւաբար, բոլոր այն պատանիները, որոնք 12 տարեկանը բոլորած են եւ կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել դպրեվանքին մէջ թող բարեհաճին դիմել Դպրեվանքի տեսչութեան՝ հեռաձայնելով 71 912 832 թիւին։
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
Օրհնութեամբ Եւ Հովանաւորութեամբ
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Գործակցութեամբ
Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին
Բժշկական Անվճար Ծառայութիւն Ֆրեզնոյի
Հայ Բժշկական Առաքելութեան Կողմէ
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ 16, 17, 18, 20 սեպտեմբեր եւ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2024-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններ, մանկաբուժ, ատամնաբուժ, վիրաբուժ, ըստ իրենց մասնագիտութեանց «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ընդունին քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող, մանր վիրահատութիւններու կարիքը ունեցող, ատամներու հարցեր դիմագրաւող հիւանդներ ու յատուկ պարագայ ներկայացնող երեխաներ եւ հոգատարութիւն պիտի ցուցաբերեն անոնց:
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան այս նախաձեռնութիւնը անցնող տարիներուն իր իւրայատուկ դերը ունեցաւ գաղութիս կեանքին մէջ: Անկասկած, այս տարի եւս այդ դերակատարութիւնը պիտի շեշտուի եւ իր մտայղացումով ու գործնականացումով եզակի բնոյթ պիտի ստանայ:
Լիբանանը հարուածող ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական ահաւոր տագնապին ընթացքին գաղութիս հայորդիներուն ընձեռուած այս աննման երեւոյթը պիտի գօտեպնդէ մեզ բոլորս եւ հաստատէ, որ լիբանանահայ գաղութը առանձին ու անպաշտպան չէ, այլ ան սփիւռքի մեր հայրենակիցներու առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկն է:
Արդարեւ, Ֆրեզնոյի օտար եւ հայ բժիշկներուն այս մարդասիրական ու բարեսիրական առաքելութիւնը լիբանանեան տագնապի մեր օրերուն յոյսի եւ ապահովութեան լաստ պիտի հանդիսանայ գաղութիս հայորդիներուն համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2024-2025
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 12-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 26 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսումը անվճար:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
- 1 լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

