Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւան Կը Փորձէ Կրճատել Պաքուի Հետ Հաշտութեան Համաձայնագիրի Բնագիրը` Զայն Արագ Ստորագրելու Համար. Ատիկա Անընդունելի Է» Կ՛ըսէ Հաճիզատէ

Սեպտեմբեր 11, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան կը փորձէ կրճատել Պաքուի հետ հաշտութեան համաձայնագիրի բնագիրը` զայն արագ ստորագրելու համար: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ Ազրպէյճանի վերջին մեկնաբանութիւնները տրամադրուած են յունիսին, մինչդեռ Հայաստան իր մեկնաբանութիւնները ուղարկած է միայն օգոստոսի վերջին` շուրջ 70 օր ետք:

«Հայկական կողմը Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած մեկնաբանութիւններուն համարժէք արձագանգելու փոխարէն փորձած է անտեսել խնդիրները` նախագիծէն վերցնելով անհրաժեշտ կէտերը:

«Այս պահուս նախագիծի կէտերուն մեծ մասը, այսինքն` շուրջ 80 առ հարիւրը, համաձայնեցուած է, սակայն որոշ կէտեր տակաւին համաձայնեցուած չեն:

«Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի, ինչպէս Հայաստանը կ՛առաջարկէ` նախագիծէն չհամաձայնեցուած կէտերը բացառելու միջոցով: Ատիկա անընդունելի է:

«Հայաստան, որ կը շարունակէ իր տարածքային նկրտումները Ազրպէյճանի նկատմամբ եւ կը փորձէ վերակենդանացնել Մինսքի խմբակի աշխատանքը, որ նախկին տագնապի ժառանգութիւնն է, բազմաթիւ հարցականներ կը յառաջացնէ իր իրական մտադրութիւններուն վերաբերեալ` նուազեցնելով «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի բնագիրի ծաւալը եւ կոչ ուղղելով զայն ստորագրելու որեւէ ձեւով:

«Համաձայնագիրի նախագիծը ստորագրելու համար Հայաստան նախ եւ առաջ պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր սահմանադրութեան մէջ, որ յղում կը կատարէ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային նկրտումներուն:

«Թէեւ Հայաստան տեղեակ է Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միացնող հաղորդակցութեան կապերու բացման հարցով գրաւոր պարտաւորութիւններու գոյութեան մասին, սակայն վերջին շուրջ չորս տարուան ընթացքին զանոնք չէ կատարած:

«Ինչ կը վերաբերի երկիրներու տարածքներուն մէջ հոլովոյթին օտարերկրեայ սեփական ընկերութեան ներգրաւման գաղափարին, ապա պէտք է նշել, որ Ազրպէյճանը երբեք չէ քննարկած իր տարածքին մէջ հոլովոյթին երրորդ կողմի ներգրաւումը», յայտարարած է ան:

 

 

Նախորդը

Ծերակուտական Քարտին ՔՈՓ29-ի Ընդառաջ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Հայ Կալանաւորները

Յաջորդը

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանազատման Յանձնախումբերու Կանոնակարգը Ուղարկուած Է Սահմանադրական Դատարան

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?