Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխաններ Պու Սաապի, Ապի Ռամիայի Եւ Աունի Հետ Տիման Այցելելէ Ետք. Քանաան. «Ռայի Պատրիարքին Հետ Մեր Հանդիպումը Մեր Քաղաքական Գործունէութեան Նոր Փուլին Սկիզբն Է»

September 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն դուրս եկած երեսփոխաններ Էլիաս Ապու Սաապ, Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ալեն Աուն երէկ այցելեցին Տիմանի մէջ մարոնի պատրիարքութեան ամառնային հովոց, ուր հանդիպում ունեցան մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հանդիպումէն առաջ յայտնեց. «Եկանք Ռայի պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալու` գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնանք երկիրին օգնել»:

«Հաւատարմութիւնը դատին է, եւ մենք տակաւին մեր դիրքին վրայ ենք եւ չփոխուեցանք», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Քանաան Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Այսօրուան մեր հանդիպումը մեր քաղաքական աշխատանքին նոր փուլին սկիզբն է, մեզի պարտադրուած վերջին զարգացումներուն հետեւանքով, եւ կու գայ հաստատելու մեր վճռականութիւնը մեր երթը շարունակելու մեր համոզումներուն, սկզբունքներու եւ ձգտումներուն որոնք միշտ կրած ենք, անոնց համար պայքարած եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ անոնց համար»:

«Բնական է, որ համաձայն ըլլանք ազգային ու գերիշխանական սկզբունքներուն, որոնք Պքերքէն պատմութեան ընթացքին արտայայտած է, եւ մենք գիտենք այս վայրին ազգային հիմնական իրադարձութիւններուն մէջ ունեցած դիրքը, խորհրդանշականութիւնն ու դերակատարութիւնը, ուստի հանդիպում ունեցանք պատրիարքին հետ, որ ազգային ու քրիստոնէական մեծ հոգերը կրողն է, որպէսզի անոր կողքին աշխատելու շրջագիծ եւ մեքանիզմ ստեղծենք` դիմակայելու համար յառաջիկայ փուլի գործընթացները», յայտարարեց Քանաան:

«Մեր շարժումը անձերէն ու անձնական շահերէն անդին անցնելով կը հասնի բոլորին հետ շարք մը քայլերու շուրջ համախմբուելու, հեռու մնալով անցեալի կուտակումներէն, որովհետեւ կարելի չէ լիբանանցիներուն, եղբայրներուն ու հայրենիքի մէջ գործընկերներուն միջեւ խտրականութեան, պառակտման, ատելութեան եւ դաւաճանութեամբ պիտակման ոգիով ապագայ կերտել: Անիկա կոչ է գործընկերութեան, միացման, ատելութիւններու եւ անձնական շահերու մերժման ու մեր աչքերը երկրին շահերուն վրայ սեւեռելու», ըսաւ երեսփոխանը:

«Առաջին բեկումը նախագահական բեկումն է ազգային դաշինքի ճամբով, զոր կը ջանանք իրագործել Լիբանանը ներկայ քաոսի եւ քայքայման վիճակէն փրկելու, իշխանութեան վերակազմութեան եւ բոլոր մակարդակներուն համար նոր երթի սկսման համար», աւելցուց ան:

«Այսօր քաղաքականութեան մէջ անշարժութիւնն ու կարծրացումը մեր դիմաց կը փակէ ներքին լուծումներու դուռը եւ մեզ կը մատնէ այնպիսի անել կացութեան, որ նուազեցնէ լուծումներուն վրայ ազդելու մեր կարողութիւնը, եւ մեզ կը դնէ քմահաճոյքին տակ արտաքին կարգաւորումներու, որոնց մէջ կարծիք կամ որոնց վրայ ազդեցութիւն չունինք», նշեց Քենաան:

Նախորդը

Դատաւոր Հալաուէ Ստանձնեց Սալամէի Թղթածրարը Եւ Սկսաւ Սերտել Զայն` Հարցաքննութեան Նիստի Թուականը Ճշդելու Համար

Յաջորդը

«Վրաստանի Եւրոպական Միութեան Համարկման Հոլովոյթը Փաստացի Կասեցուած Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.