Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Երեքշաբթի Օր Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Լարուածութեան Հանդարտեցման Քննարկման Չյայտարարուած Ժողով Մը Գումարուած Է

September 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի չորս պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներէն եւ Իսրայէլէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր գումարած են ցած մակարդակով առցանց ժողով մը` քննարկելու համար Լիբանանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ Իսրայէլի ու Հըզպալլայի միջեւ լայնածաւալ պատերազմը կանխարգիլելու կարելիութիւնները:

Պաշտօնատարները ըսած են, որ ժողովը, որուն մասին Սպիտակ տունը կամ իսրայէլեան կառավարութիւնը չեն յայտարարած, Պայտընի վարչակազմի նախաձեռնութիւնն էր` շօշափելու համար իսրայէլեան կողմի բազկերակը եւ համակարգելու համար Լիբանանի մէջ կացութեան նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնները:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած նշեալ առցանց ժողովին մասնակցած ամերիկեան խումբը կը գլխաւորէր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, եւ անոր մաս կը կազմէին նախագահի պատուիրակներ Էյմըս Հոքշթայն եւ Պրեթ ՄքԿըրք:

Իսրայէլեան խումբին ղեկավարն էր Իսրայէլի վարչապետի մերձաւորներէն` ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմըրը:

Իսրայէլացի պաշտօնատարի մը համաձայն, կողմերը քննարկած են Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման բեմագրութեան մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կռիւին վերջ տալու դիւանագիտական երկարատեւ լուծում մը, որ հազարաւոր իսրայէլացի եւ լիբանանցի տեղահանուածներուն կ՛արտօնէ սահմանին մօտ գտնուող իրենց տուները վերադառնալ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարը նաեւ ըսած է, որ երկու կողմերը նաեւ քննարկած են Կազայի մէջ մօտալուտ զինադադարի մը բացակայութեան «աւելի հաւանական» բեմագրութեան մէջ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ կռիւը հանդարտեցնելու կարելիութիւնը:

«Աքսիոս» կը նշէ, որ իսրայէլեան հիմնական պահանջը այն է, որ Լիբանանի հետ դիւանագիտական որեւէ համաձայնութիւն ներառէ Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժի սահմանէն առնուազն 10 քիլոմեթր հեռացումը:

Իսրայէլեան կողմը ժողովի ընթացքին յայտնած է, թէ այսպիսի գործարքի մը բանալին Հըզպալլայի մարտիկներուն սահմանամերձ շրջաններէն իսկապէս հեռացած ըլլալը ստուգելու կերպն է:

Պաշտօնատարները յայտնեցին, որ իսրայէլացիները Միացեալ Նահանգներէն խոստում կը պահանջեն, որոնք պիտի զօրակցին Հըզպալլայի ուժերուն դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան, եթէ անոնք սահմանամերձ շրջաններ վերադառնան:

«Աքսիոս» հաղորդեց, որ Հոքշթայն ժողովի ընթացքին նշած է, թէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը Լիբանանի մէջ լարուածութեան մեղմացման պիտի յանգեցնէ, ինչ որ պիտի արտօնէ, որ Իսրայէլ անգամ մը եւս ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործարքին վրայ:

 

Նախորդը

Աշքար. «Տեղեակ Չեմ, Թէ Հալապին Հրաժարելու Մտադրութիւն Ունի»

Յաջորդը

Դատաւոր Հալաուէ Ստանձնեց Սալամէի Թղթածրարը Եւ Սկսաւ Սերտել Զայն` Հարցաքննութեան Նիստի Թուականը Ճշդելու Համար

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.