Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները օգոստոսին տեսակցած են Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն հետ:
Այս մասին յայտնեց Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունի:
Ան կը նշէ, թէ նշեալ հայերուն կարելիութիւն տրուած է կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ: