Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բախտագաղթ, Ծննդօճախ, Բռնագաղթ

Օգոստոս 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Երբ ակամայ լքես տունդ, ան կանգուն կը մնայ,
Դո՛ւն է որ կը փլիս.
Ան թափուր կը մնայ
Քու ներաշխարհդ խճաքարերով կը խճողուի.
Շունչդ բռնած` ծիծեռնակի քանիերորդ բոյնդ կը շինես
Բայց ա՛լ բանի մը վստահ չես:

Կորուստներդ քալէտոսքոփի պէս կը շրջախմբեն յիշատակներդ
Սեւ ու ճերմակը, խայտաբղէտը իրար կ՛անցընեն:
Սակայն գլխաւոր հարցումը կը սառի: Գոյութենական է:
Հեղուկ հեղուկ պատասխաններ կ՛անցնին վրայէն
Ան սար կը մնայ.
Իսկ դուն գոյատեւելու համար կը կառչիս
գիտցած ձեւերուդ:

Խեցապատեաններ երբ դնես ականջիդ
ծովուն մրմուռը կը հասցնեն,
ժամերով երբ քշես յոգնած-խոնջած հասնիս նահանգդ
հին նեղլիկ թաղերուդ տարածութեան չես կրնար հասնիլ,
երբ լռութիւնը լարուի ու լարուի
երկար ճամբորդութեան ընդմէջէն
կը հասնի թախիծը:

Այն օրերուն ինչե՜ր կ՛ըլլային
Անկողինները գետինը կը փռուէին
երբ թռվռալով մեծմամային տունը գիշերէինք.
Լուացքը տանիքը կը փռուէր
Չիվիտով սեղմուած թօթուըւած սաւանները` էն ծայրը,
անոնց առջեւ` հագուստեղէն
իսկ շապիկ շապընկեր կրծկալ` ամէնէն ներքեւ.
Օ՜հ, կենսալի բոյր էր երբ չորնային:

Կէսօրուան արեւը հաւկիթի ճերմկուց էր,
Տարբեր համ ու հոտ ունէին
լոյսին հացը եւ մութին գինին:
Կը նկարուէր կապոյտ ծիծերով աղջիկը
մտածկոտ ու տխուր,
Ե՞րբ կոշտացան կակուղ ալիքները:

Որո՛ւ հոգը
Հռովմէական բերդերու եւ նախապատմական քարայրներու
գոյատեւման վստահութիւնը:
Ժամանակի գիտակցութիւնը չէր մրճահարուեր
երբ դէմ դիմաց` ապագայի մասին կը խօսէինք.
փայլո՛ւն աչքերով:
Գիրքերը ոչ թէ այցելու
այլ` ընտանեկան անդամներ էին,
Վարժարանները` բարեկամական միտքի շտեմարան:

Հաւատացած էինք, եւ այն ալ ինչպէ՜ս,
Հայաստանը լուսեղէն տեսիլք էր,
Հին աստուածները մշտաշունչ ու լուռ` մեր փլատակ
Արեւմտահայաստանի մէջ
կը խօսակցէին անցեալին եւ ապագային մասին
ամրոցներու դէմ դաւադրութիւններու մասին,
Նորօրեայ ուխտաւորներու յուզումը
պատմուճան էր իրենց:
Մեղուները արեւ կը թխմէին փեթակներու մէջ
Որովհետեւ բիւրեղ մեղրը իր պանդուխտ որդիին կը սպասէր:

Օդապարիկի վերածուած թռչուններ
Լիբանանի երկինքին վրայ,
Թռչուններ առագաստ դարձած
Միջերկրականի վրայ:
Կիներ սեւ արցունքներով
պատանքի վերածուած պատրանքներ կը հաւաքէին,
Սպիտակ պատմուճանով կիներ
արցունք ու համբոյր կը հաւաքէին:
Եւ կենսահիւթը սուրբ ջրամանին մէջ
ճակատդ յաւերժութեամբ կը կնքէր.
Շարան շարան նուէրներու փոխարէն
Հրեշտակներու երգեցողութիւնը կը լսէինք:
Այս առտու երբ նորահաս թռչուններ կ՛երգեն
Պարտէզիս երկարածին ծառերուն վրայ
կը յիշեմ որ Հոն`
թռչունները երբեք չգաղթեցին:

Բ.

Իսկ հոս` մայրամուտին
երբ հովը կը թրթռացնէ ոսկի տերեւները
կը յիշեմ որ քիչ առաջ, ոսկի աշունը հազիւ սկսած
ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահան եղաւ դարձեալ
իր հայրենական հողէն.
Կը յիշեմ նաեւ…
կը յիշեմ անդադրում…
որբացած տուները, կարօտի կրակը, ածխացած ծուխը,
պապակած պարտէզը, ձայնազրկուած օրերը,
նահատակուած նահապետները, անշարժացած օրօրոցները,
համրացած փողոցներն ու աչազուրկ շէնքերը,
Ժողովուրդ մը որ ծիծեռնակ չէ այլեւս
իր տունը, դպրոցը, եկեղեցին, գերեզմանները թողած,
անօթի ու պարտասուն, արտասուաթոր ու շփոթահար
սահմանին միւս կողմը թխմուեցաւ անկիւն մը,
տամուկ լոյսով
թախիծն ու յոյսը իրար շաղախած` իր օրերը շինելու:

Արցախի երկինքը սառած աչք է հիմա,
իսկ Ոգին հզօր` կը սպասէ օրուան
երբ պիտի իջնէ, կրակ ու հուր տեղայ
պիտի կսկծացնէ, պիտի ոչնչացնէ
Հայոց աստուածատուր Արցախը փետրատողները բոլո՜ր-
Հայը, օտարը, քրիստոնեան, մահմետականը:
Որովհետեւ
Արծուաբոյնը ազգի մը հոգիին մէջ արարուած
չի՜ քանդուիր երբեք:
Չի ծախուիր, չի գնուիր, ուրիշ բանի չի վերածուիր:
Կ՛անհետին սեւ ու ճերմակ եւ խաղտաբղէտ նկարները,
ցնծերգներն ու սգերգները կը նուազին օրէ օր,
թշնամին կը լկտիանայ, կը հեռանայ դաշնակիցը,
բայց հոգիին Արծուաբոյնը
կը մնայ ուժ հիածորուն ու կենսածիր:
Օ՜, հայրենիք արեգնածին:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Գիրքի Ակնարկ. «Down With The System»` Սերժ Թանգեանի Գրչով

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?