Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Ելեկտրականութեան Մատակարարման Բարելաւումը Յառաջիկայ Շաբթուընէ Սկսեալ Արմատական Պիտի Ըլլայ»

August 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ վարչապետարանին մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Զինք դրի ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերեալ արձանագրուած վերջին զարգացումներու մթնոլորտին մէջ: Միքաթի անցնող երկու օրերուն մասնակից դարձաւ խնդիրի լուծման, եւ կրցանք քարիւղի զտարաններէն «տիզըլ» ապահովել, որովհետեւ վարչական մակարդակի վրայ որոշ խոչընդոտում կար` որոշում տալու լիազօրութեան չգոյութեան պատճառով»:

«Որոշումներ տալու մեքանիզմին մէջ շատ դիւանակալութիւն կայ, ինչ որ աշխատանքը մեծապէս կ՛ուշացնէ, եւ ատիկա երեւան եկաւ մեր անցած տագնապին ընթացքին: Կարելի էր անկէ խուսափիլ, եթէ զտարաններուն մէջ գտնուող տիզըլը «ծորակ բանալով» կարելի ըլլար ստանալ, մանաւանդ որ ելեկտրակայանները տիզըլով մատակարարելու երկու ձեւեր առաջարկած էի` առաջինը բանակի եւ անոր մօտ գտնուող պահեստի ճամբով, իսկ երկրորդը զտարաններէն` փոխատուութեան ձեւով: Վարչական մեքանիզմները բազմազան էին, սակայն նպատակը մէկ էր», ըսաւ ան:

Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ այս տագնապը բխեցաւ այն իրողութենէն, որ երկիրը մէկ աղբիւրէ կախեալ էր` աւելցնելով, որ այժմ նպատակը աղբիւրները բազմազան դարձնելն է:

«Այսօր կարեւորը տոկալու ճակատամարտին մէջ Ալճերիոյ դերակատարութեան երեւան գալն է, եւ Լիբանանի բարեկամները այսօր ակներեւ են, որովհետեւ ի յայտ եկաւ, որ կրնանք Իրաքի եւ Ալճերիոյ վստահիլ», ըսաւ ան:

«Մենք այժմ երկու տեսակներու կարիք ունինք` Տեր Ամմար եւ Զահրանի ելեկտրակայաններուն համար կազ օյլի, իսկ Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրակայաններուն համար «Ֆիուլ օյլ Կրէյտ Պի.»-ի», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

«Եթէ կրցանք Ալճերիոյ դէպի Եւրոպա արտածած կազի քանակին մէկ չնչին բաժինը ստանալ, ապա կրնանք նուազեցնել մեր ելեկտրականութեան արժէքը, եւ ատիկա ժամանակի կը կարօտի, սակայն Ալճերիոյ հետ գործակցութիւնը ապագային բազմաթիւ ոլորտներու դուռը կը բանայ», ըսաւ Ֆայեատ:

Նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարման «բարելաւումը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբէն արմատական պիտի ըլլայ, եւ ատոր հետ միասին, 200-ական մեկաուաթ ապահովելու կարողութիւն ունեցող Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրակայանները պիտի բանեցուին` համաձայն անոնց վարչական խորհուրդի որոշումին, որուն համաձայն գտնուեցանք, եւ որ ուշացաւ»:

Նախորդը

Իրաքի Կառավարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Դադրած Է Լիբանանին Վառելանիւթ Մատակարարելէ

Յաջորդը

Կալանթ. «Զինուորական Մագլցումի Վտանգը Կրնայ Ի Վերջոյ Հըզպալլայի Եւ Իրանի Մասնակցութեամբ Շրջանային Պատերազմի Յանգեցնել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.