Կը վերահաստատենք լիակատար աջակցութիւնը զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքանիզմ ստեղծելու Երեւանի առաջարկին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկած է ստեղծել զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքանիզմ: