Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերադարձ Դէպի Արմատներ» Խորագիրով ԼԵՄ-ի Բանակում

Օգոստոս 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 4 օգոստոս 2024-ին տասնեակ մը ԼԵՄ-ականներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ուղղուեցան Այնճար` ԼԵՄ-ի բանակավայր: Կէսօրին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2024 տարուան «Վերադարձ դէպի արմատներ» խորագիրը կրող բանակումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան անդամներ:

Արցախի կորուստէն եւ հայ ժողովուրդի աղէտալի ներկայ իրավիճակէն մեկնած` ԼԵՄ-ը իր յունուար 2024-ին գումարուած 29-րդ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին հաստատեց յեղափոխական արմատներու պահպանման եւ ամրապնդման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ աւանդոյթները պէտք է պահպանուին` զանոնք համալրելով նորօրեայ միջոցներով ու զէնքերով, սակայն` յեղափոխականը հիմք նկատելով որեւէ ծրագիրի կամ աշխատանքի:

Բացման արարողութեան խօսք առին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան:

Ա. Պալապանեան անդրադարձաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տարեկան բանակումներու եզակի դերակատարութեան եւ ազդեցութեան ոչ միայն դաշնակցական երիտասարդութեան կերտման եւ առօրեային, այլ նաեւ համայն լիբանանահայ եւ արտերկրի գաղութներու զարգացման իմաստով` նկատի ունենալով, որ տարիներ շարունակ տասնեակ երկիրներու երիտասարդական միութիւններ փափաքած են մասնակցիլ այս բանակումներուն եւ զանոնք նկատած են դաշնակցական դաստիարակութիւնը ամբողջացնելու առիթ: Ան հաստատեց, որ ԼԵՄ-ի բանակումին ընթացքին փոխանցուած գիտելիքները եւ նիւթերը գլխաւոր դեր կը խաղան հայ երիտասարդի նկարագիրի կերտման գերագոյն առաքելութեան մէջ, որովհետեւ ԼԵՄ-ը` իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, իր ուսերուն 51 տարիներ շարունակ վերցուցած է այս աշխատանքը յաջողցնելու ծանր պատասխանատուութիւնը:

Գէորգ Եագուպեան, իր կարգին, հաստատեց, որ բանակումը եզակի առիթ է ամբողջացնելու միութեան դաստիարակչական ծրագիրը այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի կամ կազմակերպողի ամէն օր յաւելեալ առիթ ու աւիշ կը տրուի աւելի դաշնակցականանալու: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը մուտք գործած է իր պատմութեան երկրորդ յիսնամեակը` առաջնահերթութիւն ունենալով ազգային արժէքներու պահպանումը, յեղափոխական արմատներու ամրապնդումը եւ արցախեան հիմնահարցի ճրագը անմար պահելը:

Բանակումին ընթացքին ԼԵՄ-ականները օրական ունեցան իրենց յայտագիրները, ամէն երեկոյ տեղի ունեցան խարուկահանդէսներ, որոնց ընթացքին երիտասարդները երգեցին յեղափոխական երգեր եւ ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ:

Դաստիարակչական իմաստով, տեղի ունեցան ամէնօրեայ դրութեամբ դասախօսութիւններ եւ տեսերիզներու ցուցադրութիւնները, ինչպէս նաեւ` զարգացման մրցում եւ դէմքի ու դէպքի ներկայացումներ: Դասախօսական շարքը ընդգրկեց տարբեր նիւթեր` ԼԵՄ-ի տիպարին եւ 21-րդ դարուն պայքարը շարունակելու ձեւերուն մասին խօսեցաւ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան, պատմութեան ընթացքին ապազգային շարժումները ներկայացուց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքը եւ տիպարը` Եսայի Հաւաթեան, հայ ժողովուրդի արմատներն ու քաղաքական պատմութիւնը` Գէորգ Եագուպեան, 20-րդ դարուն Հայ դատի մղուած պայքարը տարբեր ճակատներու վրայ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Արցախի եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակները` Բենիամին Պչաքճեան, իսկ ազատագրական պայքարի ու Դաշնակցութեան հիմնադրութեան սկզբնական տարիները` Վիգէն Աւագեան:

Բանակումի վերջընթեր օրը հանդիսացաւ մարզական խաղերու օր, իսկ գիշերը ԼԵՄ-ականները իրենք պատրաստեցին խարուկահանդէսի յայտագիրը, որուն ընթացքին ներկայացուցին երգիծական, յեղափոխական, ազգային կամ ընկերային նիւթերու շուրջ զանազան ներկայացումներ:

Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 օգոստոս 2024-ին: Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յարութ Յարութիւնեան` նշելով, որ բանակումին ընթացքին ԼԵՄ-ականները կը քաղեն հիմնական երեք արժէքներ` կարգապահութիւն, ազգային ու յեղափոխական դաստիարակութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` ընկերասիրութիւն: Ան հաստատեց, որ մասնաճիւղային աշխատանքներու եւ ԼԵՄ-ի առօրեայ ծրագիրներուն ընդմէջէն կը յստականայ ԼԵՄ-ի յաջողութիւնը` իր անդամներուն ցուցաբերած բծախնդրութեամբ, կարգապահութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ, որ հիմքն է դաշնակցական երիտասարդութեան հիմա եւ ընդմիշտ:

ԼԵՄ-ականները բարձր տրամադրութիւններով վերադարձան իրենց տուներն ու ակումբները:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Դարձեալ Կը Հալածուի Դաշնակցութիւնը

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?