9 հոկտեմբեր 2025-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման` Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքի ու Հայաստանի հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու իր թեմերուն եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ տակաւ աճող գործակցութիւնը, միաժամանակ գնահատեց Հայկազեան համալսարանին կողմէ տարուող կրթական աշխատանքը: