Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեժուռնէ. «Այն, Ինչ Որ Կը Հետաքրքրէ, Լարուածութեան Սրութիւնը Մեղմացնելն Է, Եւ Այդ Է Պատգամը, Որ Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Փոխանցեցի»

Օգոստոս 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ հինգշաբթի օր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան էրվէ Մակրոյի ընկերակցութեամբ այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու զինուորական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման հարցը:

Պըրրի վերահաստատեց իսրայէլեան յարձակումին դիմաց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին նկատմամբ յանձնառութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ կը թիրախաւորէ քաղաքայինները, լրագրողներն ու բժշկական անձնակազմերը, ինչպէս նաեւ կ՛օգտագործէ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր, օրինակ` ֆոսֆորային ռումբեր:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է «Ֆրանսական նախագիծին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի բնագիրին հիմամբ» հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Պարզ պատգամս շրջանային կացութեան ընթացքին այս մտահոգիչ ժամանակներուն ընթացքին Ֆրանսայի Լիբանանին աջակցութեան հաստատումն է»:

«Այն, ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ, լարուածութեան սրութիւնը մեղմացնելն է, այս է պատգամը, որ փոխանցեցի լիբանանեան իշխանութիւններուն, եւ նոյն պատգամը պիտի փոխանցեմ շրջանին մէջ մնացեալ երկիրներուն: Կը յուսամ, որ այս շատ զգայուն ժամանակներուն մէջ կացութիւնը կը հանդարտի», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

«Ֆրանսան կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու աշխատանքին, եւ բանակցութիւններու ծիրին մէջ աշխատեցանք ու կ՛աշխատինք յառաջիկայ 12 ամսուան համար վերանորոգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը, եւ այս է այն աշխատանքը, որ ներկայիս ՄԱԿ-ի մէջ կը կատարենք», յայտնեց Սեժուռնէ:

«Մեր պատգամը զօրակցութեան, համերաշխութեան եւ պատասխանատուութեան պատգամ է, եւ Ֆրանսան պիտի շարունակէ Լիբանանին զօրակցիլ` շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար, եւ այն, որ մեզ ամէն բանէ առաջ կը հետաքրքրէ, Կազայի մէջ զինադադարն է, եւ ասիկա հիմնական ու կենսական տարրն է, որ անխուսափելի է, եթէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզենք խթանել», յայտնեց ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Վերջինիս տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Սեժուռնէ ժողովի ընթացքին վերասհատատեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը, «անոր կողքին կանգնիլն ու անոր վրայ վստահութիւն ունենալը»` մաղթելով «լիբանանեան կողմէ մագլցում չկատարելու շարունակութիւնը» եւ գնահատելով «այս դժուար ժամանակին մէջ ինքնազսպումը»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը իր կարգին շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան մէկ տարիով երկարաձգման կարեւորութիւնը:

Այցելութենէն ետք, լրագրողներու պնդումին լոյսին տակ Միքաթի ըսաւ. «Ներկայ դժուար ժամանակին, որուն մէջ կը գտնուինք, միայն կրնանք լուռ մնալ, համբերել եւ աղօթել»:

Նախորդը

«Կը Դատապարտենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Ոտնահարումը, Հարաւային Արուարձաններու Թիրախաւորումն Ու Ահաբեկումներու Քաղաքականութիւնը» Ըսաւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Աղօրհնէք Եւ Հայրապետական Օրհնութիւն` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?