Ըստ «Լա Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Իտալիոյ Եուվենթուս ակումբը լրջօրէն հետաքրքրուած Փորթոյի աջ ծայրի յառաջապահ Ֆրանսիսքօ Քոնսեքաոյի ծառայութիւններով:
Կ՛ըսուի, թէ Եուվէ կ՛ուզէ 21 տարեկան Քոնսեքաոն իբրեւ փոխարինող Ֆետերիքօ Քիեզայի, որ շատ հաւանաբար հեռանայ Թորինոյի ակումբէն:
Քոնսեքաօ այժմ պայմանագրութիւն ունի Փորթոյի հետ մինչեւ 2029: Ան 2023-2024 տարեշրջանին 40 ելոյթ կատարած է Փորթոյի հետ` նշանակելով 8 կոլեր եւ կատարելով 6 էսիսթ:
Եուվենթուսի մրցակից ակումբներէն Ինթեր Միլանը պայմանագիր կնքած է Նետերլանտներու աջ պաշտպան Տենզել Տումֆրիզի հետ, յաւելեալ 4 տարիներու վրայ:
Տումֆրիզ տարեկան 4 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ իբրեւ աշխատավարձ` վերջ դնելով շշուկներուն, թէ ան կրնայ միանալ անգլիական ակումբի մը:
Նշենք, որ շաբաթներ առաջ լուրեր տարածուելէ ետք, իտալացի Ռիքարտօ Քալաֆիորի վերջապէս ստորագրած էր Լոնտոնի Արսենալի տոմարներուն վրայ, 5 տարուան համար, 4 միլիոն եւրօ տարեկան աշխատավարձով: Ան կը մաս կը կազմէր Պոլոնիա ակումբին: