Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (31 Յուլիս 2024)

Յուլիս 31, 2024
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեսրոպեանը Կը Տօնէ Պատմական Յաջողութիւն Բ. Պաքալորէայի Քննութիւններուն`

 Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տարեշրջանի Փակումին

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր հիմնադրութեան 85-ամեակին պատմական յաջողութիւն արձանագրեց Լիբանանի Բ. Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն` արժանաւորապէս փակելով 2023-2024 կրթական տարեշրջանը, որ ականատեսը եղաւ բազում իրագործումներու, վարժարանի հիմնադրութեան տօնակատարութեանց առթած նոր յոյսերու մթնոլորտին մէջ:

Պետական քննութիւններուն յաջողեցան ներկայացած 38 աշակերտներէն 37-ը: Անոնցմէ 13-ը յաջողեցան յիշատակութեամբ. վեցը` «շատ լաւ», եօթնը` «լաւ»: Հինգ աշակերտներ համապատասխան ճիւղին մէջ տեղ գրաւեցին Լեռնալիբանանի լաւագոյն տասնեակին մէջ, որոնցմէ երկուքը հանդիսացան առաջին եւ երկրորդ: Նոյն երկուքը տեղ գրաւեցին նաեւ ամբողջ Լիբանանի լաւագոյն տասնեակին մէջ (4-րդ եւ 6-րդ):

Կենսաբանութեան եւ Ընդհանուր գիտութեանց ճիւղերուն մէջ յաջողութիւնը կատարեալ էր` 100%, գրականութեան ճիւղին մէջ` 93.75%: Յաջողութեան ընդհանուր համեմատութիւնը կազմեց 97.40%:

Յիշատակութեամբ յաջողութիւն արձանագրեցին աշակերտներ Ճեսիքա Պասիլ, Սելինա Վարդիվառ, Վանայ Սէֆէրեան, Մարք Կիւլկիւլեան, Քաթրին Թորոսեան եւ Ճորճ Մարի («շատ լաւ»), Անժելինա Ճըրթիտեան, Էլի Ապպուտ, Ռիթա Իսահակեան, Վանեսա Մանաքեան, Ճորճ Կէօզիւկիւչիւքեան, Րաֆֆի Ասուատ եւ Ալեքսանտր Կորիւն Սէրմանուկեան («լաւ»):

Լեռնալիբանանի մէջ Գրականութեան ճիւղի լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ գրաւեցին Ճեսիքա Պասիլ` առաջին, Սելինա Վարդիվառ` երկրորդ, Էլի Ապպուտ` ութերորդ, Անճելինա Ճըրթիտեան եւ Ռիթա Իսահակեան` տասներորդ: Ճեսիքա եւ Սելինա հանդիսացան յաջորդաբար չորրորդ եւ վեցերորդ` ամբողջ Լիբանանի մակարդակին վրայ:

Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը մեծագոյն ուրախութիւն կ՛արտայայտէ Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն մէջ աշակերտներու արձանագրած այս աննախընթաց յաջողութեան համար, կը շնորհաւորէ բոլորը` մաղթելով նորանոր նուաճումներ, կը խնդակցի ծնողներուն եւ մեծապէս կը գնահատէ վարժարանի ուսուցչական կազմին աշխատանքը այս իրագործումին մէջ իր տարիներու ներդրումին համար:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Անօդաչու Սարքով Իսրայէլեան Յարձակում Մը Թիրախ Դարձուց Հըզպալլայի Զինուորական Պատասխանատուի Մը Բնակարանը

Յաջորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (23 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 23, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 22, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (20 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?